Արթուր Միրանեան Հրաւիրուեցաւ Ազգային Խումբ
Ռումանիոյ Ունիվերսիտատ Քլիւժի յառաջապահ Արթիւր Միրանեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբ, ըստ Քլիւժի մամլոյ ծառայութեան: Ազգերու լիկայի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը հոկտեմբերին պիտի մրցի Ֆարօ կղզիներուն եւ հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ: 10 հոկտեմբերին Հայաստանի հաւաքականը պիտի մրցի Ֆարօ կղզիներուն դէմ` անոնց դաշտին վրայ, ապա 3 օր ետք պիտի հիւրընկալէ հիւսիսային Մակեդոնիան` Երեւանի մէջ: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը Ազգերու լիկայի մրցաշարքին մաս կը կազմէ...




















