«Սերի Ա.»-ի ախոյեան Ինթեր Միլան հետաքրքրուած է Թոթենհամի բերդապահ Կույելմօ Վիքարոյով, մինչ Թոթենհամ հետաքրքրուած է Ինթերի ֆրանսացի պաշտպան Պենճամեն Փաւարտի ծառայութեամբ:
Ըստ «Կոլ» կայքին, ակումբները յառաջիկայ ամրան կրնան փոխանակուիլ մարզիկները: 28 տարեկան Փաւարտ Պայերն Միւնիխի պաշտպան էր եւ կարողութիւն ունի կեդրոնի եւ ծայրի յետսապահ դիրքերուն վրայ խաղալ:
27 տարեկան Վիքարիոյի փոխանցման արժէքը կը գնհատուի 35 միլիոն եւրոյով, մինչ Փաւարտի արժէքը` 50 միլիոն եւրոյով: