Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Էրիք Թեն Հակ տակաւին կը «վայելէ» ակումբին կողմէ տրուած աջակցութիւնը, սակայն երկու կողմերու յարաբերութիւնները սկսած են լարուած մթնոլորտ ստանալ:
«Կարմիր սատանաներ»-ը վերջնական որոշում պիտի կայացնեն Եունայթըտի յաջորդ երկու մրցումներէն` Փորթոյի (հինգշաբթի) եւ Ասթոն Վիլայի (կիրակի) դէմ մրցումներէն ետք:
Եունայթըտ 7 կէտեր ձեռք ձգած է եւ կը գրաւէ «Փրեմիեր լիկ»-ի 13-րդ դիրքը:
Թեն Հակի հեռացումը 21 միլիոն եւրոյի արժէք պիտի ունենայ` նկատի ունենալով, որ ան տակաւին քանի մը ամիս առաջ երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը:
Եթէ նետերլանտցի մարզիչը յունիսին գործէ արձակուէր, 12 միլիոն եւրօ կրնար ստանալ: Սակայն Եունայթըտի ղեկավարութիւնը յունիսին երկարաձգեց անոր պայմանագիրը:
Քանի մը օր առաջ շշուկներ կային, թէ իտալացի մասնագէտ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի կրնայ փոխարինել Թեն Հակը:
Ալլեկրի Եուվենթուսէն պաշտօնանկ ըլլալէ ետք որեւէ խումբի ղեկը չէ ստանձնած տակաւին: