Սպանացի աշխարհահռչակ միջնապահ Անրես Ինիեսթա յառաջիկայ երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին պիտի աւարտէ ֆութպոլի իր ասպարէզը, կը յայտարարէ «Ռելեւօ»:
Ինիեսթա, որ իր ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է Պարսելոնայի հետ, (2002-էն 2018) միացած էր ճափոնական Վիսել Քոպէին եւ անցեալ տարի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Էմիրէյթցտին, որ սակայն իջաւ Բ. դասակարգ:
Ասպարէզի մեծամասնութեան կրելէ ետք թիւ 8 խաղաշապիկը, ան որոշած է 8 հոկտեմբերին աւարտել իր ասպարէզը 40 տարեկանին: Ան իր կայքին վրայ գրած է. «Հոկտեմբեր 8… Իմ նոր ապագան»: