Ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնը վերածնունդ ունեցաւ: Ցիւրիխի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան, ուր ներկայ էին անդամ երկիրներու ֆետերասիոնները, ընդհանուր ժողովի մը առիթը ստեղծուեցաւ, եւ նոր ֆետերասիոն մը ընտրուեցաւ անոր լոյսին տակ:
Վաչէ Ծատուրեան, որ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահն է, ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոնի նախագահ: Ան արդէն իսկ նշանակուած էր նախագահի ժամանակաւոր գործակատար` փոխարինելով կախակայուած նախկին նախագահը Էմապլը Պայինկանան (Ռուանտա) 2019-ին: Ֆրանսացի Ժիլ Տա Քոսթա ընտրուեցաւ ընդհանուր քարտուղար: Տա Քոսթա նախապէս գանձապահն էր ֆետերասիոնին: