Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շումախըր Ներկայ Գտնուեցաւ Իր Դստեր Պսակին

October 3, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 անգամ Ֆորմիւլա 1-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Միքայէլ Շումախըր, որ մօտ 11 տարի հեռու մնացած էր հանրային կեանքէն, ներկայ գտնուեցաւ իր դստեր պսակին, Մայորքայի մէջ:

55 տարեկան Շումախըր, որ դահոյկով չմշկելու պահուն արկած մը ունեցած էր 2013-ին Կրընոպլի մէջ (Ֆրանսա), ուղեղային վէրքեր ստացած էր եւ մահաքունի մէջ կը գտնուէր վերաբուժութեան ենթարկուելէ ետք: 6 ամիս մնալէ ետք մահաքունի մէջ, ան ինքզինք վերագտաւ եւ փոխադրուեցաւ Զուիցերիա` Լոզանի համալսարանի հիւանդանոց, ուրկէ 3 ամիս ետք փոխադրուեցաւ տուն, սակայն առանց ոչ մէկ նկար կամ մանրամասնութիւն հրապարակելու:

Նոյեմբեր 2014-ին ըսուեցաւ, որ ան անդամալոյծ է, կարողութիւն չունի խօսելու եւ ունի յիշողութեան հարցեր: 2019-ին «Ֆեռարի»-ի նախկին տնօրէն Ժան Թոտ յայտնեց, որ Շումախըր կը յառաջդիմէ, հաղորդակցութիւնը քիչ մը դժուար է հետը, բայց կը հետեւի Ֆորմիւլա-1-ի մրցումներուն: 2019-ի սեպտեմբերին ան բջիջներ ցանելու վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ Փարիզի մէջ եւ արթուն վիճակի մէջ էր, ինչպէս յայտնեցին բժշկական մարմինի անդամները:

Այլ լուրեր չկային Միքայէլ Շումախըրի մասին, բացի անոր դստեր պսակի արարողութենէն, որուն ներկայ գտնուեցան շատ քիչ անձեր, որոնցմէ խնդրուած էր իրենց բջիջային հեռախօսները սրահէն դուրս ձգել:

Մայորքայի Ուլթիմա Հորա սրահին մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնը տեւեց 30 վայրկեան, ուր Ճինա Շումախըր (27 տարեկան) պսակուեցաւ Իայն Պեթքէի հետ: Ներկայ էր նաեւ Միքայէլի զաւակը` Միք (25 տարեկան) իր նշանածին հետ, ինչպէս նաեւ եղբայրը` Ռալֆ Շումախըր:

Պսակին վայրը Շումախըրին նոր վիլան էր, որ 2017-ին «ձեռք բերուած էր» Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսէն 27 միլիոն սթերլինկի փոխարէն: Վիլան կը գտնուի Մայորքա կղզիին վրայ ինչպէս նշեցինք, 15 հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն ունի, ուղղաթիռի յատուկ բաժին, երկու լողաւազաններ, մարզական սրահ, ինչպէս նաեւ արմաւենիներով պաշարուած է:

Հաւանական է, որ մօտիկ ապագային Միքայէլ Շումախըրի զաւակը` Միք, իր կարգին պսակուի իր նշանածին` դանիացի Լայլա Հասանովիչի հետ:

 

Նախորդը

Պրունօ Ֆեռնանտեշի Կարմիր Քարտը Բեկանուեցաւ

Յաջորդը

Սեւիկեան Լրջութեամբ Կը Շարունակէ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.