Թատէյ Փոկաչար ամբողջացուց իր 3-րդ տիտղոսը` շահելէ ետք Ցիւրիխի մէջ տեղի ունեցած հեծելարշաւի «Եու. Սի. Այ.» աշխարհի ճամբու ախոյեանութիւնը:
Սլովենիացի մարզիկը անակնկալ ձեւով յարձակում կատարեց մրցումի աւարտէն 100 քմ առաջ, եւ աւարտի կէտին հասաւ 31 երկվայրկեանի առաւելութիւն ունենալով Աւստրալիոյ Պեն Օ՛Քոնըրի վրայ, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Մաթէօ Վան տեր Փուլ գրաւեց երրորդ դիրքը:
«Չեմ կրնար հաւատալ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ: Այս ձեւի տարեշրջանէ մը ետք, ես շատ ճնշեցի իմ վրաս այսօր, եւ ճնշումի տակ էի իմ խմբակիցներէս: Մենք հոս եկած էինք յաղթելու: Մրցումը արագ ձեւով ձեւաւորեցի եւ վտանգաւոր յարձակում մը ըրի, բայց լաւ է, որ Եան (Թաթնիք) հետս էր: Երբեք չյանձնուեցայ մինչեւ աւարտ: Անմոռանալի օր մըն էր», ըսաւ Փոկաչար` աւելցնելով. «Նպատակ ունէինք մրցումին ղեկը պահել, բայց մրցումը շատ կանուխ վճռուեցաւ: Չեմ գիտեր ի՛նչ կը մտածէի… Պարզապէս յարձակեցայ: Բախտէս յաջողեցայ, բայց շատ յոգնեցուցիչ էր:
Այս յաղթանակով ան դարձաւ առաջին մարզիկը, որ Սթեֆըն Ռոշէն ետք (1987-ին) կը շահի Ֆրանսայի շրջավազքը, Ժիրօ Տ՛Իթալիան եւ Ցիւրիխի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Ասիկա Փոկաչարի 23-րդ տիտղոսն էր այս տարի: