Փորթուգալի ազգային խումբի եւ Նասր ակումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյին յայտնեց, որ ասպարէզի իր 904-րդ կոլը կը նուիրէ իր հօրը:
Ռոնալտօ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Ռայանի դէմ կոլ նշանակած էր Նասրի հետ:
«Այսօրուան կոլը իր իւրայատուկ համն ու հոտը ունի: Կ՛ուզէի հայրս ողջ տեսնել: Այսօր անոր տարեդարձն էր», ըսած է Ռոնալտօ:
. Մինչ այդ, Սէուտական Ալ Հիլալ խումբի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, մօտ 1 տարի հեռու մնալէ ետք կանաչ դաշտերէն, վերադարձած է Հիլալի հետ իր փորձերուն: