Մարզական

Եւրոպայի Արդիւնաւէտ Մարզիկները

Եւրոպայի Արդիւնաւէտ Մարզիկները

Եւրոպայի 5 կարեւոր ֆութպոլի ախոյեանութիւնները դադարի մէջ են մինչեւ ուրբաթ, եւ եթէ կարճ ակնարկ մը նետենք, կը նկատենք, որ քանի մը մարզիկներ շատ լաւ ելոյթներ ունեցած են ախոյեանութեան առաջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին: Ստորեւ կը ներկայացնենք լաւագոյն 8 մարզիկները, որոնք առաւելագոյն կէտերը հաւաքած են իրենց նշանակած կոլերով եւ կատարած էսիսթներով: 1.- Ռոպերթ Լեվանտովսքի (Պարսելոնա) 12 կէտ (10 կոլ + 2 էսիսթ)...

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք.  Հայաստան Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց. Մարզիչ Փեթրաքով Հեռացուեցաւ

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք. Հայաստան Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց. Մարզիչ Փեթրաքով Հեռացուեցաւ

Հայաստանի ազգային խումբը կիրակի օր անգամ մը եւս ձախողեցաւ յաղթել հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ 2-0 արդիւնքով տեղի տուաւ` Ազգերու լիկայի 4-րդ շաբթուան մրցումներուն: Հայաստանի ազգային խումբը իր 14 վերջին մրցումներուն միայն 2 յաղթանակ արձանագրած է: Մրցակից կազմը 72-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն նշանակեց իր կոլերը: 6-րդ վայրկեանին ալ անոնք կոլ նշանակեցին քոռնըրի մը վրայ, սակայն ՎԱՐ-ի միջամտութեամբ չվաւերացուեցաւ կոլը: Այս մրցումին վերադարձած...

Բռնցքամարտ.  Հայ Մարզիկները Յաղթանակներով Սկսան Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Բռնցքամարտ. Հայ Մարզիկները Յաղթանակներով Սկսան Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) սկսաւ բռնցքամարտի Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար երիտասարդներու ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականի անդամները յաղթանակներով սկսան իրենց մրցումներուն: 48 քկ կշիռի աղջկանց մրցումներուն Լուսինէ Գէորգեան եւ 60 քկ կշիռի տղոց ներկայացուցիչ Արթուր Սահակեան յաղթանակներ արձանագրեցին: Յարութիւն Յակոբկոխեան 67 քկ կշիռի իր յաջորդական երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Քոսովոյի ներկայացուցիչ Լորիս Իտրիսին: Եւրոպայի այժմու ախոյեան Ռուսլան Ասլիկեան իր կարգին յաղթանակով սկսաւ...

ՖԱՖ Կը Պահանջէ Արմէն Մելիքբէկեանի Հրաժարականը

ՖԱՖ Կը Պահանջէ Արմէն Մելիքբէկեանի Հրաժարականը

Հայաստանի համակիրներու «Հայկական առաջին ճակատ» (ՖԱՖ) շարժումը կը պահանջէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի հրաժարականը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստան - Հիւսիսային Մակեդոնիա մրցումէն ետք շարժումը մօտեցած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գրասենեակ` հանդիպելու ֆետերասիոնի նախագահ Մելիքբէկեանի հետ, սակայն վերջինս չէ մօտեցած համակիրներուն: «Մենք նախապէս աջակցած էինք Արմէն Մելիքբէկեանի, որ դրական փոփոխութիւններ կատարէր մեր ֆութպոլին մէջ: Բայց, ցաւօք, այդ փոփոխութիւնները չտեսանք: Մենք...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Կ՛ուզէ Սալահը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Կ՛ուզէ Սալահը

Փարիզ Սեն Ժերմեն հետաքրքրուած է Լիվըրփուլի 32 տարեկան եգիպտացի աջ ծայրի յառաջապահ Մոհամետ Սալահին ծառայութիւններով: Ըստ «Տը Սան»-ի, ֆրանսական ակումբը պատրաստ է առաջարկելու երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` աշխատավարձի յաւելումով: Քիլիան Էմպափէի լքելէն ետք ակումբը, առաջին կարգի աստղ չունի փարիզեան ակումբը եւ կը փափաքի աւելի լաւ արդիւնք տալ մանաւանդ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին համար: Այս տարեշրջանին Սալահ 9 մրցում կատարած է Լիվըրփուլի...

Աղջկանց Մարաթոնի Նոր Մրցանիշ

Աղջկանց Մարաթոնի Նոր Մրցանիշ

Տարի մը առաջ, Պերլինի մէջ, մարաթոնի աղջկանց նոր մրցանիշ մը արձանագրուած էր եթովպիացի Թիկսթ Ասսեֆայի միջոցով` 2 ժամը 11 վայրկեան եւ 53 երկվայրկեան: Կը կարծուէր, թէ այս մրցանիշը երկար ժամանակ անհասանելի պիտի ըլլար, սակայն կիրակի օր քենիացի Ռութ Չեփընկեթիչ Շիքակոյի մարաթոնի ընթացքին մօտ 2 վայրկեանով բարելաւեց այդ ժամանակը` արձանագրելով նոր մրցանիշ մը` 2 ժամ 09 վայրկեան եւ 56 երկվայրկեան: Ռութ...

Սամպոյի Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  2 Արծաթէ Եւ 7 Պրոնզէ Մետալներ Շահեցան Հայաստանի Ներկայացուցիչները

Սամպոյի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. 2 Արծաթէ Եւ 7 Պրոնզէ Մետալներ Շահեցան Հայաստանի Ներկայացուցիչները

Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքին մէջ սկսաւ Սամպոյի երիտասարդներու երէցներու եւ պատանիներու աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ախոյեանութեան եւ առաջին օրուան մրցումներէն ետք 9 մետալներ ձեռք բերաւ: Աշխարհի երիտասարդներու (18-20 տարեկան) փոխախոյեան դարձաւ 58 քկ կշիռի Տիգրան Գրիգորեան, մինչ կրտսերներու (16-18 տարեկան) աշխարհի փոխախոյեան դարձաւ 88 քկ կշիռի Սէյրան Սարուխանեան: Պրոնզէ մետալներ շահեցան 46 քկ կշիռի Սեւակ Դաւոյեան, 64...

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք.  Այսօր` Պելճիքա – Ֆրանսա Եւ Գերմանիա – Նետերլանտներ

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք. Այսօր` Պելճիքա – Ֆրանսա Եւ Գերմանիա – Նետերլանտներ

Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի կազմակերպած Ազգերու լիկայի մրցաշարքը կը շարունակուի այսօր եւ վաղը, երբ վերջ կը գտնեն 4-րդ շաբթուան մրցումները: Ա. կարգի Բ. խմբակին մէջ, Պելճիքա պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսան, Պրիւքսելի Պոտուեն թագաւորի անուան դաշտին վրայ: Պելճիքա, որ Իտալիոյ դէմ մրցումին անյոյս կ՛երեւէր` 2-0 ետ մնալէ ետք, սակայն օգտուեցաւ մրցակից խումբի կարմիր քարտէ մը եւ վերագտաւ ինքզինք երկու կոլ նշանակելով: Մարզիչ...

Թենիս.  Սինըր Եւ Սապալենքա` Յաղթական

Թենիս. Սինըր Եւ Սապալենքա` Յաղթական

Իտալացի թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր շահեցաւ Շանկհայի թենիսի մրցաշարքը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք սերպ Նովաք Ճոքովիչը` 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով: Թիւ 4 դասուած Ճոքովիչ բաւական դժուար մրցակից ունէր` յանձին շատ աւելի երիտասարդ եւ արագ Սինըրի, որ շահեցաւ այս տարուան իր 7-րդ տիտղոսը` իր ասպարէզին մէջ 4-րդ անգամ ըլլալով յաղթելով Ճոքովիչին, որ իր կարգին 4 անգամ կրցած է յաղթել Սինըրին:...

Ատեյեմի` Ուշադրութեան Կեդրոն

Ատեյեմի` Ուշադրութեան Կեդրոն

Անգլիական 4 ակումբներ հետաքրքրուած են Տորթմունտի գերմանացի յառաջապահ Քարիմ Ատեյեմիով: Ըստ «Կոլ» կայքին, 22 տարեկան արագ յառաջապահը ուշադրութիւնը գրաւած է Մանչեսթըր Սիթիի, Լիվըրփուլի, Արսենալի, ինչպէս նաեւ Չելսիի: Չելսի ըստ երեւոյթին կ՛ուզէ անպայման ձեռք ձգել զինք, մանաւանդ որ պատրաստակամութիւն յայտնած է 50 միլիոն եւրօ վճարելու: Ատեյեմի Տորթմունտի հետ շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ այս տարեշրջանին` իր կատարած 8 մրցումներուն նշանակելով 5 կոլ...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Վաղը` Քոլոմպիա – Չիլի

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Վաղը` Քոլոմպիա – Չիլի

Վաղը Պարանքիյյայի մէջ Քոլոմպիա կը սկսի 2026-ի մոնտիալի զտումի դարձի մրցումները` հիւրընկալելով Չիլին: Երթի 9 մրցումներէ ետք, Քոլոմպիա 2-րդ դիրքը կը գրաւէ 16 կէտերով, մինչ Չիլի 10-րդ եւ վերջին դիրքը կը գրաւէ 5 կէտերով: Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած էին 9-րդ հանգրուանի մրցումները: Աշխարհի ախոյեան Արժանթին դժուար մրցումէ մը ետք 1-1 արդիւնքով հեռացաւ Վենեզուելայէն: 36 տարեկան յետսապահ Օթամենտի նշանակեց...

Լուրեր «Սերի Ա.»-էն

Լուրեր «Սերի Ա.»-էն

- ԵՈՒՎԵՆԹՈՒՍԻ վիրաւորներու ցանկը կ՛երկարի: Արդարեւ, արժանթինցի -յառաջապահ Նիքօ Կոնզալեսի վիրաւորուելէն ետք, «Չեմփիընզ լիկ»-ի վերջին ելոյթին, կեդրոնի յետսապահ Պրեմըր, որ վիրաւորուած եւ փոխարինուած էր 6-րդ վայրկեանին, վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ եւ երկար ժամանակով պիտի բացակայի կանաչ դաշտերէն: Ան պատռած է ծունկի ետեւի խաչաձեւ մկաններու կապերը: - ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ տարուան ամրան փոխանցումներու ժամանակամիջոցին, Ինթեր Միլան պիտի փորձէ իր կազմին միացնել Ուտինեզէի նիկերիացի բերդապահ Մատուքա...

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք.  Հայաստան 1 Կէտով Հեռացաւ Ֆարօ Կղզիներէն

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք. Հայաստան 1 Կէտով Հեռացաւ Ֆարօ Կղզիներէն

Հինգշաբթի գիշեր Հայաստանի ազգային խումբը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ազգերու լիկայի մրցաշարքի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն: Մրցումին հաշիւը բացին Ֆարօ կղզիներ 37-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք, երբ գնդակը հասաւ աջ կողմ եւ հեռուէն հարուածով մը Պենճամինսընի հարուածին շնորհիւ դարձաւ կոլ: Քանի մը վայրկեան ետք, Ֆաթեհի յառաջապահ Լուքաս Զելարայեան գեղեցիկ եւ անզսպելի ազատ հարուածով նշանակեց Հայաստանի հաւասարութեան կոլը: Բ. կիսախաղին Հայաստանի...

Թենիս.  Նատալ 38 Տարեկանին Կ՛աւարտէ Արհեստավարժ Ասպարէզը

Թենիս. Նատալ 38 Տարեկանին Կ՛աւարտէ Արհեստավարժ Ասպարէզը

Սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յայտնեց, թէ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք «Տէյվիս» բաժակի մրցումներէն ետք պիտի լքէ թենիսի իր ասպարէզը: Նատալ, որ վերջին երկու տարիներուն արդէն իսկ վիրաւորուած էր եւ հազուադէպօրէն կը մասնակցէր մրցաշարքերու, մանաւանդ կրան շլեմի 4 մրցաշարքերուն ան 8 մրցաշարքերէն (2 տարուան ընթացքին) մասնակցած էր երկուքին միայն: «Իրականութեան մէջ շատ դժուար տարիներ էին, մանաւանդ այս վերջին երկուքը` վիրաւոր ըլլալուս պատճառով:...

Թենիս.  Ալքարաս Դուրս Մնաց

Թենիս. Ալքարաս Դուրս Մնաց

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքերը շարունակուեցան Շանկհայի (տղոց) եւ Վուհանի (աղջկանց) մէջ: Շանկհայի մէջ երէկ տեղի ունեցան տղոց քառորդ աւարտականի երկու առաջին մրցումները, ուր անակնկալ մը արձանագրուեցաւ, երբ 23 տարեկան չեխ Թոմաշ Մախաչ մօտ 2 ժամ պայքարէ ետք դուրս ձգեց թիւ 3 դասուած Քարլոս Ալքարասը: Ալքարաս առաջին սեթին գրեթէ հաւասար պայքար տարաւ թիւ 33 դասուած չեխ թենիսմենին դէմ, որ սակայն...

Թենիս.  Ուիմպըլտընի Թենիսի Մրցաշարքը Կը Փոխարինէ Ծայրի Իրաւարարները

Թենիս. Ուիմպըլտընի Թենիսի Մրցաշարքը Կը Փոխարինէ Ծայրի Իրաւարարները

Թենիսի պատմութեան ամէնէն հին կրան շլեմի մրցաշարքը` Ուիմպըլտըն, որոշեց հետեւիլ նոր ճարտարագիտութեան, փոխարինելով ծայրի իրաւարարները ելեկտրական ձեւով: 2025-էն սկսեալ այլեւս դաշտին վրայ պիտի տեսնենք միայն կեդրոնի իրաւարարը` աթոռին վրայ, առանց դաշտին գիծերը հսկող իրաւարարներուն, որոնք կ՛որոշէին, թէ գնդակը դո՞ւրս է, թէ՞ ներս: «Կը նկատենք, որ արհեստագիտութեան վստահիլը շատ լաւ եւ վստահելի է, եւ այժմ ճիշդ ժամանակն է այս քայլը առնելու`...

Եուրկըն Քլոփ Պիտի Ստանձնէ «Ռետ Պուլ»-ի  Ֆութպոլի Համաշխարհային Գործերը

Եուրկըն Քլոփ Պիտի Ստանձնէ «Ռետ Պուլ»-ի Ֆութպոլի Համաշխարհային Գործերը

Գերմանացի մարզիչ Եուրկըն Քլոփ 1 յունուար 2025-էն սկսեալ պիտի դառնայ Ռետ Պուլի ֆութպոլի համաշխարհային գործողութիւններու ընդհանուր ղեկավար: «Ես կը ցանկամ զարգացնել, կատարելագործել եւ աջակցիլ ֆութպոլի տաղանդին, որ մենք ունինք մեր տրամադրութեան տակ», յայտնեց Քլոփ` «Ռետ Պուլ»-ի մամլոյ ծառայութեան: «Ռետ Պուլ»-ի ֆութպոլը տէրն է Լայփցիկի, Զալցպուրկի եւ Նիւ Եորքի ակումբներուն: Քլոփ, որ Լիվըրփուլը լքեց անցեալ ամառ 9 տարի ետք, գործ չունի...

Փարիզ Սեն Ժերմենի Աստղեր Դժգոհ` Էնրիքէէն

Փարիզ Սեն Ժերմենի Աստղեր Դժգոհ` Էնրիքէէն

Ըստ «Լ՛Էքիփ»-ի, Փարիզ Սեն Ժերմենէն որոշ մարզիկներ դժգոհ են խումբի մարզիչ Լուիս Էնրիքէի մարտավարական ճկունութեան բացակայութենէն: Կարգ մը մարզիկներ չեն հասկնար, թէ սպանացի մարզիչը ինչո՛ւ ճիշդ ձեւով չ՛օգտագործեր որոշ խաղցողներու զօրաւոր կողմերը, մասնաւորապէս Պրետլի Պարքոլայի եւ Ուսման Տեմպելէի ծայրի դիրքերու վրայէն առիթներ ստեղծելու վտանգը, մանաւանդ որ անոնք համապատասխան չեն Էնրիքէի մարտավարական փիլիսոփայութեան: Այլ բան մըն ալ կայ, որ մարզիչը շատ...

Տը Լա Ֆուենթէ Դժգոհ Է

Տը Լա Ֆուենթէ Դժգոհ Է

Սպանիոյ ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Լուիս Տը Լա Ֆուենթէ իր պայմանագրութեան մասին խօսած է «Մարքա» թերթին: Անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարի: «Բնական բան չէ, երբ Եւրոպայի ախոյեանը մնայ առանց պայմանագրութեան: Չեմ գիտեր` եթէ Լուիս Էնրիքէի հետ այսպիսի բան եղած է: Ըսեմ, որ երիտասարդներու խումբին հետ աշխատած նոյն պայմաններով կ՛աշխատիմ», նշած է Տը Լա Ֆուենթէ: Կ՛ըսուի, թէ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պատրաստ...

Տանիէլ Մալտինի Կը Տպաւորէ

Տանիէլ Մալտինի Կը Տպաւորէ

Մոնցայի յարձակող միջնապահ Տանիէլ Մալտինի իր վերջին յաջող ելոյթներէն ետք սկսած է տպաւորել Ինթեր Միլանը: Ա. Սէ. Միլանի սան եւ պատմական պաշտպան Փաուլօ Մալտինիի կրտսեր զաւակը` Տանիէլ, այս տարեշրջանին փայլուն ելոյթներ ունենալէ ետք տպաւորած է նաեւ Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիչ Լուչիանօ Սփալեթթին: Ըստ լրագրող Փասքուալ Կուարոյի, Ինթեր լրջօրէն կը հետաքրքրուի 22 տարեկան միջնապահի վիճակով, սակայն առայժմ բանակցութիւններ չկան: Տանիէլ Մալտինի...

Page 169 of 1276 1 … 168 169 170 … 1,276

Արխիւներ