Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) սկսաւ բռնցքամարտի Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար երիտասարդներու ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականի անդամները յաղթանակներով սկսան իրենց մրցումներուն: 48 քկ կշիռի աղջկանց մրցումներուն Լուսինէ Գէորգեան եւ 60 քկ կշիռի տղոց ներկայացուցիչ Արթուր Սահակեան յաղթանակներ արձանագրեցին:
Յարութիւն Յակոբկոխեան 67 քկ կշիռի իր յաջորդական երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Քոսովոյի ներկայացուցիչ Լորիս Իտրիսին:
Եւրոպայի այժմու ախոյեան Ռուսլան Ասլիկեան իր կարգին յաղթանակով սկսաւ իր ելոյթներուն: 92 քկ կշիռի մրցումներուն, Հենրիք Չղրիքեան հանգիստ յաղթանակ տարաւ Քոսովոյի ներկայացուցիչ Տոնաթ Սիլան, մինչ 80 քկ կշիռի իր ելոյթին Համլեթ Ադամեան պարտութեան մատնեց պելճիքացի Ուսամա Մուսաուին:


