Տարի մը առաջ, Պերլինի մէջ, մարաթոնի աղջկանց նոր մրցանիշ մը արձանագրուած էր եթովպիացի Թիկսթ Ասսեֆայի միջոցով` 2 ժամը 11 վայրկեան եւ 53 երկվայրկեան: Կը կարծուէր, թէ այս մրցանիշը երկար ժամանակ անհասանելի պիտի ըլլար, սակայն կիրակի օր քենիացի Ռութ Չեփընկեթիչ Շիքակոյի մարաթոնի ընթացքին մօտ 2 վայրկեանով բարելաւեց այդ ժամանակը` արձանագրելով նոր մրցանիշ մը` 2 ժամ 09 վայրկեան եւ 56 երկվայրկեան: Ռութ այս յաղթանակը նուիրեց իր ազգակից Քալվին Քիփթըմին, որ 2023-ին տղոց մարաթոնի մրցանիշ արձանագրած էր Շիքակոյի մարաթոնին: Քիփթըմ անցեալ փետրուարին իր մարզիչին հետ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած էր: