Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքին մէջ սկսաւ Սամպոյի երիտասարդներու երէցներու եւ պատանիներու աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ախոյեանութեան եւ առաջին օրուան մրցումներէն ետք 9 մետալներ ձեռք բերաւ:
Աշխարհի երիտասարդներու (18-20 տարեկան) փոխախոյեան դարձաւ 58 քկ կշիռի Տիգրան Գրիգորեան, մինչ կրտսերներու (16-18 տարեկան) աշխարհի փոխախոյեան դարձաւ 88 քկ կշիռի Սէյրան Սարուխանեան:
Պրոնզէ մետալներ շահեցան 46 քկ կշիռի Սեւակ Դաւոյեան, 64 քկ կշիռի Միքայէլ Թումասեան, 71 քկ կշիռի Ռատիկ Ղուկասեան, 71 քկ կշիռի Մհեր Օհանեան, 79 քկ կշիռի Սամուէլ Ղազարեան, ինչպէս նաեւ աղջկանց մրցումներու 47 քկ կշիռի Միլենա Առաքելեան եւ 59 քկ կշիռի Սուզաննա Մանուկեան: