Փարիզ Սեն Ժերմեն հետաքրքրուած է Լիվըրփուլի 32 տարեկան եգիպտացի աջ ծայրի յառաջապահ Մոհամետ Սալահին ծառայութիւններով:
Ըստ «Տը Սան»-ի, ֆրանսական ակումբը պատրաստ է առաջարկելու երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` աշխատավարձի յաւելումով: Քիլիան Էմպափէի լքելէն ետք ակումբը, առաջին կարգի աստղ չունի փարիզեան ակումբը եւ կը փափաքի աւելի լաւ արդիւնք տալ մանաւանդ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին համար:
Այս տարեշրջանին Սալահ 9 մրցում կատարած է Լիվըրփուլի հետ, եւ նշանակած 6 կոլ, ինչպէս նաեւ կատարած 5 էսիսթ: Սալահ, որուն պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2025-ի ամրան, թրանսֆերմարքեթի կայքին համաձայն անոր փոխանցումի արժէքը կը կազմէ 55 միլիոն եւրօ:
Միւս կողմէ, ակումբը կը մտածէ յառաջիկայ ամրան ձեռք ձգել Մանչեսթըր Սիթիի պրազիլցի բերդապահ Էտերսոնը: 31 տարեկան Էտերսոն, որ 2017-էն ի վեր Սիթիի մարզիկ է, 35 միլիոն եւրօ կ՛արժէ ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի, եւ ֆրանսական ակումբը կ՛ուզէ փոխարինել իր իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարուման, որ հակառակ լաւ ըլլալուն, շատ անգամ աններելի սխալներ կը կատարէ: