Սպանիոյ ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Լուիս Տը Լա Ֆուենթէ իր պայմանագրութեան մասին խօսած է «Մարքա» թերթին:
Անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարի: «Բնական բան չէ, երբ Եւրոպայի ախոյեանը մնայ առանց պայմանագրութեան: Չեմ գիտեր` եթէ Լուիս Էնրիքէի հետ այսպիսի բան եղած է: Ըսեմ, որ երիտասարդներու խումբին հետ աշխատած նոյն պայմաններով կ՛աշխատիմ», նշած է Տը Լա Ֆուենթէ:
Կ՛ըսուի, թէ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պատրաստ է նոր պայմանագրութիւն առաջարկելու Տը Լա Ֆուենթէին, մինչեւ 2026-ի ամառ: 2024-ին Սպանիոյ ազգային խումբը Գերմանիոյ մէջ Եուրոյին կրցած էր շահիլ տիտղոսը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անգլիոյ: