Հայաստանի ազգային խումբը կիրակի օր անգամ մը եւս ձախողեցաւ յաղթել հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ 2-0 արդիւնքով տեղի տուաւ` Ազգերու լիկայի 4-րդ շաբթուան մրցումներուն: Հայաստանի ազգային խումբը իր 14 վերջին մրցումներուն միայն 2 յաղթանակ արձանագրած է:
Մրցակից կազմը 72-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն նշանակեց իր կոլերը: 6-րդ վայրկեանին ալ անոնք կոլ նշանակեցին քոռնըրի մը վրայ, սակայն ՎԱՐ-ի միջամտութեամբ չվաւերացուեցաւ կոլը:
Այս մրցումին վերադարձած էր Էտուարտ Սփերձեան, մինչ յառաջապահ Ռանոս փոխարինուած էր Արթուր Միրանեանով, իսկ յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան փոխարինուած էր Անտրէ Չալիշիրով: Հայաստանի ազգային խումբը համեմատաբար աւելի լաւ էր մանաւանդ դաշտի կեդրոնը, սակայն անգամ մը եւս մրցակիցին բերդը գրաւելը շատ դժուար էր: Զելարայեան, Պիչախչեան, Միրանեան եւ Սփերձեան փորձեցին, սակայն գնդակը կա՛մ բերդէն բարձր կ՛անցնէր, կա՛մ ալ մրցակից բերդապահին ձեռքերուն:
Մրցումէն ետք Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքով ըսաւ. «Թեքնիքի եւ թաքթիքի գետնի վրայ առաւելութիւն ունենալը բաւարար չէր, տղոց շնորհակալութիւն յայտնեցի խաղին համար: Կը կարծեմ, որ հայ ֆութպոլիստները վերջին ժամանակաշրջանին յառաջդիմած են, աւելի կարծր կը խաղան, եւ եթէ քանի մը եւրոպական լաւ խումբերէ մարզիկներ ունենայինք, ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլար: Կը կարծեմ` ճիշդ ճամբու վրայ ենք, բոլոր տղաքն ալ տուին իրենց առաւելագոյնը: Մակեդոնիան շատ լաւ խումբ է եւ փորձառու բերդապահ ունի: Մեր տկար կէտը ճիշդ պահերուն առիթը օգտագործելն է: Ոչ թէ անբախտ էինք, այլ վարպետութեան պակաս կար»: Մարզիչին հարցում ուղղուեցաւ, թէ այլ ձեւի բան մը կրնա՞ր փոխել, եթէ առիթ ունենար, ան պատասխանեց. «Ես այլ խաղցողներ չունիմ, որեւէ բան չէի փոխեր: Կը ցանկայի Գէորգի Յարութիւնեանը դաշտ չներկայացնել, քանի շատ ծանրաբեռնուած էր վերջին շրջանին: Մենք խումբ ենք միայն, ես չէ որ պէտք է վերադարձնեմ պարտքը: Այս խմբային աշխատանք է, եւ համակիրներուն միայն կրնամ շնորհակալութիւն յայտնել աջակցութեան համար: Հիանալի մթնոլորտ էր: Այնպիսի վերաբերմունք, ինչպիսին ստացած եմ Հայաստանի մէջ, որեւէ տեղ չեմ ստացած: Շատ շնորհակալ եմ այս վերաբերմունքին համար», ըսաւ Փեթրաքով մրցումէն ետք եւ կարճ տեսակցութիւն ունենալէ ետք Հայաստանի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչին հետ հեռացուեցաւ պաշտօնէն:
Փեթրաքով 14 յունուար 2023-էն ի վեր կը մարզէր Հայաստանի ազգային խումբը: Ան նախապէս 20 տարեկանէն վար Ուքրանիոյ ազգային խումբին հետ դարձած է աշխարհի ախոյեան:
Աւստրիա 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Նորվեկիան, որուն խմբապետ Էրլինկ Հաալանտ (Օտըկաարի բացակայութեան) չկրցաւ կոլ նշանակել:
Մարզիչ Ռալֆ Ռանյիքի մարզած խումբը լաւ ձեւով տիրապետեց Նորվեկիոյ վրայ, մանաւանդ Բ. կիսախաղին:
Ինթեր Միլանի վեթերան յառաջապահ Մարքօ Առնաութովիչ (35 տարեկան) 8-րդ վայրկեանին ռմբային հարուածով մը բացաւ մրցումին հաշիւը:
Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Ալեքսանտր Սորլոթ արդիւնքը հաւասարեցուց 39-րդ վայրկեանին, սակայն Բ. կիսախաղին Առնաութովիչ, Ֆիլիփ Լինհարթ, Շթեֆան Փոշ եւ Միքայէլ Կրեկորիչ կոլեր նշանակելով կրցան հաւասարիլ խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող Նորվեկիոյ հետ (7 կէտ):
Սլովենիա իր կարգին 7 կէտ ունեցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ղազախստանի դաշտին վրայ:
Յունաստան, որ քանի մը օր առաջ պարտութեան մատնած էր Անգլիան` 2-1 արդիւնքով, Փիրէայի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Այիրը: Փանաթինայքոսի միջնապահ Անասթասիոս Պաքասեթաս եւ Ա. Է. Ք. Աթէնքի վեթերան միջնապահ Փեթրոս Մանթալաս նշանակեցին Յունաստանի 2 կոլերը, որոնց շնորհիւ Յունաստան կը գրաւէ Բ. խմբակի պարագլուխի դիրքը` յաղթելէ ետք իր 4 մրցումները: Բ. դիրքը կը գրաւէ Անգլիա, որ 3-1 արդիւնքով վերադարձաւ Հելսինքիէն:
Ճեք Կրիլիշ, Թրենթ Ալեքսանտր Առնոլտ եւ Տեքլան Ռայս նշանակեցին Անգլիոյ 3 կոլերը, մինչ Արթոս Հոսքոնեն` Ֆինլանտայի միակ կոլը, 87-րդ վայրկեանին:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Լեհաստան – Խրուաթիա
Սկովտիա – Փորթուգալ
Սպանիա – Սեպիա
Զուիցերիա – Դանիա
Պիելոռուսիա – Լիւքսամպուրկ
Քոսովօ – Կիպրոս
Լիթուանիա – Ռումանիա
Հիւսիսային Իրլանտա – Պուլկարիա


