Անգլիական 4 ակումբներ հետաքրքրուած են Տորթմունտի գերմանացի յառաջապահ Քարիմ Ատեյեմիով:
Ըստ «Կոլ» կայքին, 22 տարեկան արագ յառաջապահը ուշադրութիւնը գրաւած է Մանչեսթըր Սիթիի, Լիվըրփուլի, Արսենալի, ինչպէս նաեւ Չելսիի:
Չելսի ըստ երեւոյթին կ՛ուզէ անպայման ձեռք ձգել զինք, մանաւանդ որ պատրաստակամութիւն յայտնած է 50 միլիոն եւրօ վճարելու:
Ատեյեմի Տորթմունտի հետ շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ այս տարեշրջանին` իր կատարած 8 մրցումներուն նշանակելով 5 կոլ եւ կատարելով 5 էսիսթ:


