Հայաստանի համակիրներու «Հայկական առաջին ճակատ» (ՖԱՖ) շարժումը կը պահանջէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի հրաժարականը:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստան – Հիւսիսային Մակեդոնիա մրցումէն ետք շարժումը մօտեցած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գրասենեակ` հանդիպելու ֆետերասիոնի նախագահ Մելիքբէկեանի հետ, սակայն վերջինս չէ մօտեցած համակիրներուն:
«Մենք նախապէս աջակցած էինք Արմէն Մելիքբէկեանի, որ դրական փոփոխութիւններ կատարէր մեր ֆութպոլին մէջ: Բայց, ցաւօք, այդ փոփոխութիւնները չտեսանք:
Մենք որոշած էինք ժամանակ տալ: Սակայն հասանք այդ իրավիճակին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը չէ ուզած հանդիպիլ մեզի հետ, եւ ասիկա առաջին անգամը չէ: Այս պարագային պէտք է հեռանայ այլեւս», ըսած է ՖԱՖ շարժումի հիմնադիր Սերկէյ Ջանջոյեան:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Երեւանի մէջ հիւրընկալած էր հիւսիսային Մակեդոնիան եւ տեղի տուած 0-2 արդիւնքով: Այդ արդիւնքին յաջորդեց գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի հեռացումը` պաշտօնէն:
Աւելի ուշ, հայկական խումբերու համակիրներու միութիւններ միացան ՖԱՖ-ին: Յայտարարութեան տակ ստորագրած են Արարատ Արմենիայի` «Ալֆա» համակիրներու ակումբը, Փիւնիկի «Սեկտոր 18» համակիրներու ակումբը, Ուրարտուի` «Սաութ-Ուեսթ Ուլթրազ» համակիրներու ակումբը, եւ Շիրակի` «Սեւ յովազներ» համակիրներու ակումբը: