Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքերը շարունակուեցան Շանկհայի (տղոց) եւ Վուհանի (աղջկանց) մէջ:
Շանկհայի մէջ երէկ տեղի ունեցան տղոց քառորդ աւարտականի երկու առաջին մրցումները, ուր անակնկալ մը արձանագրուեցաւ, երբ 23 տարեկան չեխ Թոմաշ Մախաչ մօտ 2 ժամ պայքարէ ետք դուրս ձգեց թիւ 3 դասուած Քարլոս Ալքարասը:
Ալքարաս առաջին սեթին գրեթէ հաւասար պայքար տարաւ թիւ 33 դասուած չեխ թենիսմենին դէմ, որ սակայն թայ-պրէյքով խլեց առաջին սեթը:
Երկրորդ սեթին Ալքարաս 2 անգամ իր սերվիսը կորսնցուց, մէկ անգամ կրցաւ պրէյք ընել մրցակիցի սերվիսը, սակայն ի վերջոյ յանձնուեցաւ եւ տեղի տուաւ 7-5 արդիւնքով:
Մախաչ կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք, որ բաւական դիւրութեամբ կրցաւ յաղթել Տանիլ Մետվետեւին` 6-1, 6-4 արդիւնքով: Թիւ 5 Մետվետեւ բնաւ պատասխան չունէր Սինըրի հարուածներուն:
Այսօր 19 տարեկան Եաքուպ Մենշիք պիտի մրցի սերպ Նովաք Ճոքովիչի դէմ (թիւ 4) քառորդ աւարտականի առաջին ելոյթին, մինչ թիւ 7 Թէյլըր Ֆրից (Միացեալ Նահանգներ) պիտի մրցի 33 տարեկան Տաւիտ Կոֆենի դէմ (թիւ 66), որ դուրս ձգած էր թիւ 2 դասուած Ալեքսանտր Զվերեւը: