Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրկըն Քլոփ Պիտի Ստանձնէ «Ռետ Պուլ»-ի Ֆութպոլի Համաշխարհային Գործերը

Հոկտեմբեր 11, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանացի մարզիչ Եուրկըն Քլոփ 1 յունուար 2025-էն սկսեալ պիտի դառնայ Ռետ Պուլի ֆութպոլի համաշխարհային գործողութիւններու ընդհանուր ղեկավար:

«Ես կը ցանկամ զարգացնել, կատարելագործել եւ աջակցիլ ֆութպոլի տաղանդին, որ մենք ունինք մեր տրամադրութեան տակ», յայտնեց Քլոփ` «Ռետ Պուլ»-ի մամլոյ ծառայութեան:

«Ռետ Պուլ»-ի ֆութպոլը տէրն է Լայփցիկի, Զալցպուրկի եւ Նիւ Եորքի ակումբներուն:

Քլոփ, որ Լիվըրփուլը լքեց անցեալ ամառ 9 տարի ետք, գործ չունի ընելիք իբրեւ մարզիչ:

57 տարեկան մասնագէտը առօրեայ գործ պիտի չկատարէ ակումբներուն հետ, այլ աւելի բարձր կարգի վրայ վարչական գործերու պիտի լծուի, ինչպէս նաեւ մարզիչներու խորհուրդներ պիտի տայ երեք խումբերուն ալ:

«Գրեթէ 25 տարի դաշտին ծայրէն դիտելէ ետք (իբրեւ մարզիչ), շատ ներշնչուած եմ այսպիսի ծրագիրի մը մաս կազմելու», ըսաւ Քլոփ:

«Սքայ» կայքը յայտնեց, որ Քլոփի պայմանագրութեան մէջ ելքի պայման մը կայ միայն այն պահուն, երբ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իրեն առաջարկէ մարզել ազգային խումբը:

Քլոփ իր ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէ Սպանիոյ Մայորքա կղզիին վրայ գտնուող իր տան մէջ եւ հովանաւորուած կը մնայ «Ատիտաս» ընկերութեան կողմէ:

«Ռետ Պուլ», որ աշխուժացնող խմիչքի աւստրիական ընկերութիւն մըն է, ֆութպոլի իր հետաքրքրութիւններէն անկախ, հիմնական հովանաւորն է Ֆորմիւլա 1-ի աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընի խումբին:

 

Նախորդը

Փարիզ Սեն Ժերմենի Աստղեր Դժգոհ` Էնրիքէէն

Յաջորդը

Թենիս. Ուիմպըլտընի Թենիսի Մրցաշարքը Կը Փոխարինէ Ծայրի Իրաւարարները

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?