Մարզական

«Փրեմիեր Լիկ»-ի Մրցակիցներ  Կրնան Խմբակիցներ Ըլլալ…

«Փրեմիեր Լիկ»-ի Մրցակիցներ Կրնան Խմբակիցներ Ըլլալ…

«Փրեմիեր լիկ»-ի այժմու մրցակիցներ Քեւին տը Պրունյէ (Մանչեսթըր Սիթի) եւ Մոհամետ Սալահ (Լիվըրփուլ) կրնան մօտիկ ապագային խմբակիցներ ըլլալ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի մէջ: Պելճիքացի միջնապահ Տը Պրունյէ եւ եգիպտացի Մոհամետ Սալահ 2025-ի ամրան կ՛աւարտեն իրենց խումբերուն հետ ունեցած պայմանագրութիւնները` դառնալով ազատ կարգավիճակով մարզիկներ: «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ակումբներէն Սան Տիեկօ լուրջ տրամադրութիւն ունի զօրացնելու իր խումբը, մինչ Ասիոյ մէջ` Սէուտական Արաբիոյ ակումբներէն...

Մարսէյ Կրնայ Ձեռք Ձգել Փոկպան

Մարսէյ Կրնայ Ձեռք Ձգել Փոկպան

Օլեմփիք Մարսէյ կը բանակցի Փոլ Փոկպայի հետ, յաջորդ յունուարին անվճար պայմանագիր մը կնքելու ուղղութեամբ: Ըստ լրագրող Մալիք Թրաորէի, ֆրանսացի միջնապահը կրնայ Մարսէյին միանալ յունուարին, սակայն անոր արգիլուած է խաղալ մինչեւ մարտ: Յիշեցնենք, որ մէկ տարի առաջ, Եուվենթուս խզած էր ֆութպոլիստին պայմանագիրը` անոր խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալու պատիժին պատճառով: Նախապէս Փոկպա խաղցած էր Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, որ 2016-ին մօտ 100 միլիոն...

Թենիս.  Զվերեւ Եւ Աւաննէսեան Պարտութիւններ Կրեցին

Թենիս. Զվերեւ Եւ Աւաննէսեան Պարտութիւններ Կրեցին

Չինաստանի մէջ շարունակուեցաւ Շանկհայի տղոց թենիսի մրցաշարքը, որ հասաւ իր քառորդ աւարտականին: Թիւ 2 դասուած գերմանացի թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւ մօտ 2 ժամ տեւող մրցումին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց պելճիքացի Տաւիտ Կոֆենէն (թիւ 66)` 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով: Թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց թիւ 14 Պեն Շելթընի, մինչ թիւ 9 դասուած պուլկար թենիսմեն Կրիկոր Տիմիթրով թիւ...

Թոթթի Կը Նշէ Ամբողջական Ֆութպոլիստի Յատկութիւնները

Թոթթի Կը Նշէ Ամբողջական Ֆութպոլիստի Յատկութիւնները

Իտալիոյ ազգային խումբի եւ Ա. Էս. Ռոմայի պատմական մարզիկ Ֆրանչեսքօ Թոթթի կարճ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ի՛նչ յատկութիւններ պէտք է ունենայ ամբողջական ֆութպոլիստը: «Ան կարիքը ունի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի աջ ոտքին, Տիեկօ Մարատոնայի ձախ ոտքին, Լուքա Թոնիի գլխու խաղին, Ռոնալտոյի արագութեան, Լիոնել Մեսսիի տրիպլինկին, Ճուտ Պելինկհամի ֆիզիքականին եւ իմ խաղը տեսնելու ունակութեան», ըսած է Թոթթի «Կոլ»-ի կայքին: Նշենք, որ...

«Ո՛չ Ռոնալտօ, Ո՛չ Ալ Մեսսի…»

«Ո՛չ Ռոնալտօ, Ո՛չ Ալ Մեսսի…»

Իտալիոյ ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի նախկին յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի վերջերս յայտնած է, թէ ո՛ր մրցակիցին դէմ դժուարութիւն կ՛ունենար պաշտպանելու: «Ո՛չ Ռոնալտոն էր, ո՛չ ալ Մեսսին... Զափաթան էր: Իսկական մղձաւանջ էր: Անքուն գիշեր կ՛անցընէի ամէն անգամ, որ իր դէմ պիտի խաղայի», ըսաւ իտալացի ծանօթ պաշտպանը, «Սքայ Սփորթս»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: 33 տարեկան Զափաթա տակաւին «Սերի Ա.» կը խաղայ եւ այժմ...

Պերեզովսքիի Յաջողութեան Հասնելու Երազը

Պերեզովսքիի Յաջողութեան Հասնելու Երազը

Հայաստանի պատմական բերդապահներէն Ռոման Պերեզովսքի վերջերս զրոյցի մը ընթացքին խօսած է իր մանկութեան, Հենրիխ Մխիթարեանի, իր ասպարէզին եւ երազին մասին: Ռոման Պերեզովսքի ազգային խումբ հրաւիրուած էր 31 օգոստոս 1996-ին Մոնտիալի զտումի գծով Փորթուգալի դէմ, Երեւանի մէջ: 50 տարեկան Պերեզովսքի 94 մրցումներ կատարեց ազգային խումբին հետ, վերջինը` 2016-ին Պիելոռուսիոյ դէմ: Ան այժմ Հայաստանի ազգային խումբի բերդապահներու մարզիչն է: «Ծնողներս երիտասարդ տարիքէն...

Պարսելոնայի Յառաջապահ Եռեակը`  Եւրոպայի Ամէնէն Արդիւնաւէտը

Պարսելոնայի Յառաջապահ Եռեակը` Եւրոպայի Ամէնէն Արդիւնաւէտը

Եւրոպական լաւագոյն 5 երկիրներու բարձրագոյն ախոյեանութիւններուն վրայ ակնարկ մը նետելով, «Թրանսֆերմարքեթ» կայքը վիճակագրութիւն մը կատարած է յառաջապահ լաւագոյն եռեակին գծով, ուր Պարսելոնա 23 կարեւոր գործողութիւն (կոլ եւ էսիսթ) կատարած է: Ընտրուած են 6 խումբեր, որոնցմէ 3-ը «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան մաս կը կազմեն: Պարսելոնա 23 կոլ նշանակած է շնորհիւ իր եռեակին` Ռոպերթ Լեվանտովսքի (12 կոլ), Ռաֆինիա (6 կոլ) եւ Լամին Եամալ (5...

Մանչեսթըր Եունայթըտի  Ընդհանուր Ժողովը

Մանչեսթըր Եունայթըտի Ընդհանուր Ժողովը

Անգլիական ֆութպոլի «հսկան»` Մանչեսթըր Եունայթըտ երեքշաբթի գիշեր գումարեց ընդհանուր ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ ակումբի մարզիչ Էրիք Թեն Հակի ապագան: Մասնաւոր որոշում չտրուեցաւ նետերլանտցի մարզիչին աշխատանքի ժամանակամիջոցին վերաբերեալ, բայց հաւանական է, որ ան իր վերջին օրերը կ՛ապրի իբրեւ Եունայթըտի մարզիչ: «Փրեմիեր լիկ»-ի 7-րդ հանգրուանէն ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտ 8 կէտ ձեռք ձգած է եւ կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը: Թեն...

Ֆլորիան Վիրց Կը Նախընտրէ Պայերնը

Ֆլորիան Վիրց Կը Նախընտրէ Պայերնը

Ըստ «Սքայ Սփորթս»-ի, Պայեր Լեւերքուզընի գերմանացի միջնապահ Ֆլորիան Վիրց ընտրութիւն կատարած է Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի եւ Պայերն Միւնիխի միջեւ: Ըստ «Սքայ»-ի, 2025-ի ամրան Վիրց կը հեռանայ Պայեր Լեւերքուզընէն եւ հաւանական է, որ միանայ Պայերն Միւնիխին, որ արդէն իսկ սկսած է բանակցութիւններու: 21 տարեկան միջնապահը կը ցանկայ նոր էջ մը բանալ Պայերն Միւնիխի հետ եւ աւելի ուշ լքել Գերմանիան այլ ախոյեանութեան...

Ճատրակ.  Աշխարհի Ախոյեանը Կ՛ուզէ Ճատրակ  Խաղալ Ֆութպոլիստներու Հետ

Ճատրակ. Աշխարհի Ախոյեանը Կ՛ուզէ Ճատրակ Խաղալ Ֆութպոլիստներու Հետ

Աշխարհի ախոյեան, համաշխարհային դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող ճատրակի նորվեկիացի մեծ վարպետ Մակնուս Քարլսեն վերջերս ըսած է, թէ ո՛ր ֆութպոլիստներուն հետ կ՛ուզէ ճատրակ խաղալ: «Ես ֆութպոլի սիրահար եմ, ի մասնաւորի Մոհամետ Սալահի: Տակաւին չեմ հանդիպած անոր, բայց շատ կը ցանկամ հանդիպիլ, ինչպէս նաեւ միւս մարզիկներուն, որոնք ճատրակ ալ կը խաղան: Ես նաեւ գիտեմ, որ Մարթին Էտեկտը նոյնիսկ ճատրակ կը խաղայ: Ան...

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք.  Հայաստան Կը Պատրաստուի Ֆարօ Կղզիներու Եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Դէմ Ելոյթներուն

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք. Հայաստան Կը Պատրաստուի Ֆարօ Կղզիներու Եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Դէմ Ելոյթներուն

Հայաստանի ազգային խումբը կը շարունակէ իր մարզական հաւաքը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիքի եւ ակադեմիայի կեդրոնին մէջ: Երէկ հաւաքականը կատարեց իր երկրորդ մարզումները, որոնց մասնակցեցան նաեւ Նայիր Թիքնիզեան, Էտկար Սեւիկեան, Արթուր Միրանեան եւ Անտրէ Չալիշիր, որոնք նոր միացան խումբին: Էդուարդ Սփերձեան, Գէորգի Յարութիւնեան եւ Վահան Պիչախչեան եւս միացան խումբին` վերադառնալով իրենց «դուրսի» ակումբներու ախոյեանութիւններէն: Նշենք, որ գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքով ազգային...

Եոհան Նիսքընզ Ոչ Եւս Է

Եոհան Նիսքընզ Ոչ Եւս Է

Նետերլանտներու նախկին միջնապահ Եոհան Նիսքընզ, որ իր սերունդի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկն էր, 73 տարեկանին մահացաւ Ալճերիոյ մէջ: Նիսքընզ անակնկալօրէն հիւանդացաւ, երբ կ՛աշխատէր Նետերլանտներու համաշխարհային մարզիչներու սեմինարի մը պահուն, ուր ներկայ էր իբրեւ մարզական դեսպան: Նիսքընզ մաս կը կազմէր Նետերլանտներու ազգային խումբին, որ 1974-ի եւ 1978-ի մոնտիալներուն աւարտականի հասած էր: Ան 2004-ին ՖԻՖԱ-ի կողմէ ընտրուած էր 125 լաւագոյն ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ:...

ՖԻՖԱ-ն Համաձայն Է Փոխանցումներու Օրէնքը Փոխելու

ՖԻՖԱ-ն Համաձայն Է Փոխանցումներու Օրէնքը Փոխելու

ՖԻՖԱ-ն վերջերս համամիտ եղաւ փոխանցումներու օրէնքը ժամանակաւոր փոփոխութեան ենթարկելու` օգնելով մարզիկներուն, որ փոխեն իրենց ակումբները` մասնակցելու համար ակումբներու մոնտիալի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ յունիս-յուլիս 2025-ին: Այն մարզիկները, որոնց պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 30 յունիսին, առիթ պիտի ունենան աւելի կանուխ միանալու մէկուն այն 32 խումբերէն, որոնք կը մասնակցին ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալին, որ կը փոխարինէ միջցամաքամասային բաժակի մրցաշարքը: Այդ մարզիկներուն կարգին են...

Նէյմար Կը Փափաքի Վերադառնալ Պարսելոնա

Նէյմար Կը Փափաքի Վերադառնալ Պարսելոնա

Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար կը փափաքի վերադառնալ Պարսելոնա: Յառաջիկայ ամառ Հիլալի յառաջապահ Նէյմար, կրնայ ըլլալ Պարսելոնայի հաւանական թիրախներէն մէկը` նկատի ունենալով, որ քաթալոնական ակումբը նպատակ ունի յառաջապահ մը ձեռք ձգել: Ռոպերթ Լեվանտովսքի շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն անոր տարիքը կը յառաջանայ, եւ բնական է, որ Պարսելոնայի նման ակումբ մը, որ մեծ թիւով երիտասարդ մարզիկներ ունի, պիտի ուզէ ունենալ աւելի...

Տել Փիերոյի Դուստրը Միացաւ Եուվենթուսին

Տել Փիերոյի Դուստրը Միացաւ Եուվենթուսին

Եուվենթուսի նախկին խմբապետ Ալեսանտրօ Տել Փիերոյի դուստրը` Տորոթի միացաւ Եուվենթուսի 17 տարեկանէն վար երիտասարդներու խումբին: 2009-ի ծնունդ Տորոթի միացաւ իր հօր նախկին ակումբին, որուն հետ Տել Փիերօ 19 տարի փայլուն օրեր անցուցած է: Տել Փիերօ, որ 1993-էն 2012 մաս կազմած էր Եուվէին, 705 մրցումներ կատարած է` դառնալով ակումբին մրցանիշ կրող մարզիկը, միեւնոյն ժամանակ դառնալով Եուվէի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն` 290 կոլերով:

«Էմ. Էլ. Էս.»-ի Հանդիսատեսներու Նոր Մրցանիշը

«Էմ. Էլ. Էս.»-ի Հանդիսատեսներու Նոր Մրցանիշը

«Էմ. Էլ. Էս.» (Մէյճըր լիկ սաքըր) Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հաստատած է հանդիսատեսներու նոր մրցանիշ մը, ուր համակիրներուն թիւը անցած է 11 միլիոնը: Տակաւին բնական ախոյեանութեան 16 մրցումներ կան, եւ արդէն համակիրներուն թիւը անցած է անցեալ տարուան մրցանիշը` 10 միլիոն 900 հազարը: Անշուշտ այս իրողութեան մէջ մեծ դեր ունին միջազգային աստղերը, ինչպէս` Լիոնել Մեսսին եւ Լուիս Սուարեսը: Միջին հաշուով 23.240...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Փենալթիներու Կիրակին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Փենալթիներու Կիրակին

Եւրոպայի 5 բարձրագոյն լիկաներու ծիրին մէջ հետաքրքրական եւ փենալթիներով քանի մը մրցումներ տեղի ունեցան կիրակի օր: Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի մրցումներուն գծով, Ֆիորենթինա իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. Սէ. Միլանը: Պրազիլցի աջ ծայրի յետսապահ Տոտօ գետին բերուեցաւ Ա. Սէ. Միլանի քառակուսիին մէջ, եւ իրաւարարը ՎԱՐ-ի միջամտութեամբ փենալթի շնորհեց Ֆիորենթինային: Մոյս Քին հարուածեց փենալթին, սակայն ֆրանսացի բերդապահ Մայք Մենիան...

Թենիս.  Կարէն Խաչանով Պարտութիւն Կրեց

Թենիս. Կարէն Խաչանով Պարտութիւն Կրեց

Հայկական արմատներով ռուս թենիսմեն Կարէն Խաչանով երէկ Շանկհայի տղոց մրցաշարքին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց ամերիկացի Մարքոս Կիրոնի դէմ մրցումին: Թիւ 25 դասուած Խաչանով պարտուեցաւ թիւ 47 դասուած Կիրոնէն` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով, 1 ժամ 22 վայրկեան մրցումէ մը ետք: Այս տարի փայլուն չէր Խաչանովի համար, որ 2022-ին (Աւստրալիա) եւ 2023-ին (Եու. Էս. Օփըն) կրցած էր կիսաւարտականի հասնիլ կրան շլեմի մրցաշարքերու:...

Կուարտիոլա Հաւանաբար Լքէ Սիթին

Կուարտիոլա Հաւանաբար Լքէ Սիթին

Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա այս տարեշրջանի աւարտին հաւանաբար լքէ ակումբը, ըստ լրագրող Սեմ Լիի: Անցեալ տարեշրջանի աւարտին երկու կողմերը բանաւոր համաձայնութիւն մը գոյացուցած էին սպանացի մարզիչին տարեշրջանի աւարտին հեռանալուն գծով: Անշուշտ Սիթի կը փորձէ վերանորոգել Կուարտիոլայի պայմանագրութիւնը, եւ զինք համոզելու փորձերը արդէն իսկ սկսած են: Նշենք, որ Կուարտիոլա 2016-ին միացած էր Սիթիին, որուն հետ 6 անգամ դարձած է...

Լեւանտովսքիի Յատուկ Ցուցանիշը` Լաւագոյն 5 Ախոյեանութիւններուն

Լեւանտովսքիի Յատուկ Ցուցանիշը` Լաւագոյն 5 Ախոյեանութիւններուն

«Լա լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանին գծով Ալաւեսի դէմ հեթ-թրիք իրագործելէ ետք, լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի 30 տարեկանէն վերջ նշանակած կոլերու հաշիւը բարձրացուց 184-ի: Մինչեւ 2022 Լեւանտովսքի Պայերն Միւնիխին մաս կը կազմէր, ապա միացաւ Պարսելոնային: Միայն երկու ֆութպոլիստներ կան, որոնք 30 տարեկանէն ետք աւելի կոլ նշանակած են, քան Լեւանտովսքի: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 207 կոլ նշանակած է, իսկ Զլաթան Իպրահիմովիչ` 191: Լաւագոյն 5-ը կ՛ամբողջացնեն...

Page 170 of 1276 1 … 169 170 171 … 1,276

Արխիւներ