Սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յայտնեց, թէ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք «Տէյվիս» բաժակի մրցումներէն ետք պիտի լքէ թենիսի իր ասպարէզը:
Նատալ, որ վերջին երկու տարիներուն արդէն իսկ վիրաւորուած էր եւ հազուադէպօրէն կը մասնակցէր մրցաշարքերու, մանաւանդ կրան շլեմի 4 մրցաշարքերուն ան 8 մրցաշարքերէն (2 տարուան ընթացքին) մասնակցած էր երկուքին միայն:
«Իրականութեան մէջ շատ դժուար տարիներ էին, մանաւանդ այս վերջին երկուքը` վիրաւոր ըլլալուս պատճառով: Չեմ կարծեր, որ կրցայ սահմանափակ ձեւով տպաւորել: Անկասկած շատ դժուար որոշում մըն էր, որ արդէն բաւական ժամանակի կարօտեցաւ տալու համար: Բայց կեանքին մէջ ամէն ինչ սկիզբ ունի եւ վերջ»:
Նատալի պայքարի ոգին, ֆիզիքական կարողութիւնը, ամէն կէտի համար վազելը` կարծէք վերջին կէտն է, սփրինթը, սահիլը, ցատկելը զինք դասեցին թենիսի պատմութեան լաւագոյններէն եւ հողով ծածկուած դաշտերու թագաւորը:
Անոր 14 «Ռոլան Կարոս»-ի տիտղոսները առաւելագոյնն էին տղոց թէ աղջկանց թենիսի կրան շլեմի մրցումներուն գծով, բան մը, որուն պատճառով ալ «Ռոլան Կարոս»-ի մուտքին զետեղուեցաւ անոր արձանը:
2022-ին ան շահեցաւ իր վերջին երկու կրան շլեմի տիտղոսները, որոնց պատճառով ան կրցաւ գերազանցել զուիցերիացի մրցակից Ռոժէ Ֆետերերի մրցանիշը (20 տիտղոս) կրան շլեմի գծով: Ֆետերեր 41 տարեկանին լքեց թենիսի աշխարհը 2022-ին: Անշուշտ աւելի ուշ սերպ Ճոքովիչ (37 տարեկան) 24 տիտղոսներով մրցանիշը բարելաւեց:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Նատալի ասպարէզին կարեւոր իրադարձութիւնները.
2002.- 15 տարեկան եւ 10 ամիսներ ունեցող Նատալ իր առաջին մրցաշարքը շահեցաւ Մայորքայի մէջ:
2003.- Հասաւ Ուիմպըլտընի մրցաշարքի իր առաջին մասնակցութեան` 17 տարեկանին, դառնալով առաջին թենիսմենը, որ 1984-էն ետք այդ իրագործումը կը կատարէր: 1984-ին Պեքըր 16 տարեկան էր:
2004.- Մայեմիի մրցաշարքին յաղթեց այդ ժամանակ թիւ 1 դասուած Ռոժէ Ֆետերերի: Հողով ծածկուած դաշտի վրայ իր առաջին մրցաշարքը շահեցաւ Սոփոթի մէջ (Լեհաստան): Անտի Ռոտտիքը պարտութեան մատնելէ ետք օգնեց Սպանիոյ` «Տէյվիս» բաժակը շահելու, պարտութեան մատնելով Միացեալ Նահանգները:
2005.- «Ռոլան Կարոս»-ը շահեցաւ իր առաջին մասնակցութեան: 11 մրցաշարք շահելով եղաւ ամէնէն երիտասարդ թենիսմենը, որ այսքան մրցաշարք կը շահէր 19 տարեկանին: Ապրիլ ամիսը մտաւ լաւագոյն 10-ի ցանկը եւ մնաց այդտեղ մինչեւ 2023: Տարին աւարտեց թիւ 2-ի վրայ:
2006.- «Ռոլան Կարոս»-ի երկրորդ տիտղոսը շահեցաւ` պարտութեան մատնելով Ֆետերերը, բայց Ուիմպըլտընի ճակատումին տեղի տուաւ զուիցերիացի մրցակիցին դիմաց: Հողով ծածկուած դաշտերու յաջորդական յաղթանակներու թիւը հասաւ 62 մրցումներու:
2007.- Երրորդ յաջորդական «Ռոլան Կարոս»-ի տիտղոս եւ անգամ մը եւս Ֆետերերի դէմ, եւ զուիցերիացին անգամ մը եւս յաղթեց Ուիմպըլտընի աւարտականին: Հողով ծածկուած դաշտերու վրայ յաջորդական յաղթանակները հասան 81-ի, սակայն Ֆետերեր կտրեց այդ ընթացքը` յաղթելով Համպուրկի (Գերմանիա) մրցաշարքին:
2008.- Ֆետերերին անգամ մը եւս յաղթեց 4-րդ յաջորդական «Ռոլան Կարոս»-ի աւարտականին` հաւասարելով Պիոռն Պորկի մրցանիշին` 1978-էն 1981 յաջորդական տիտղոսներու: Ուիմպըլտընին անգամ մը եւս ճակատեցաւ Ֆետերերի դէմ, բայց այս անգամ կրցաւ յաղթել 5 սեթերով, վերջինը` 9-7 արդիւնքով: Փեքինի Ողիմպիականի ոսկի մետալը շահեցաւ եւ տարին աւարտեց թիւ 1 դիրքին վրայ:
2009.- Շահեցաւ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը առաջին անգամ ըլլալով` յաղթելէ ետք Ֆետերերին: Իր 31 յաջորդաբար յաղթանակներու շարքը վերջ գտաւ «Ռոլան Կարոս»-ի մրցաշարքին, 4-րդ հանգրուանին պարտուելէ ետք Ռոպին Սոտերլինկի կողմէ: Ծունկի հարցերը սկսած էին, այդ պատճառով ալ չմասնակցեցաւ Ուիմպըլտընի մրցաշարքին:
Ստամոքսի ցաւերէ կը տառապէր, հասաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի կիսաւարտական` պարտուելով ախոյեան Խուան Մարթին տել Փոթրոյէն:
2010.- Աւստրալիոյ թենիսի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին չկրցաւ շարունակել մրցաշարքը` աջ ծունկի ցաւէ ետք, բայց վերադարձաւ «Ռոլան Կարոս»-ը շահելով 5-րդ անգամ ըլլալով: Կրցաւ շահիլ Ուիմպըլտընը 2-րդ անգամ ըլլալով, ապա ամբողջացուց «Եու. Էս. Օփըն»-ն ալ` շահելով առաջին անգամ ըլլալով եւ աւարտելով տարին թիւ 1-ի վրայ:
2011.- Ձախ ոտքի մկանը վիրաւորեց Աւստրալիոյ մրցաշարքին, բայց լաւ վիճակի մէջ էր «Ռոլան Կարոս»-ի մրցաշարքին եւ հաւասարեցաւ Պիոռն Պորկի 6 տիտղոսներուն: Նատալ 10 աւարտականներու հասած էր այդ տարին եւ կորսնցուց 7-ն, որոնց 6-ն` Նովաք Ճոքովիչի դէմ, ներառեալ Ուիմպըլտընը եւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը:
2012.- Ճոքովիչին յաղթեց շահելով 7-րդ «Ռոլան Կարոս»-ը: Ուիմպըլտընի մրցաշարքին պարտութիւն կրեց Լուքաս Ռոսոլէն Բ. հանգրուանին, ձախ ծունկի հարցերով, որոնց պատճառով ալ չկրցաւ ամբողջացնել տարին:
2013.- 7 ամիս հեռու մնալէ ետք թենիսի դաշտերէն, կրցաւ 10 տիտղոսներ շահիլ եւ վերադառնալ թիւ 1 դիրք: 8-րդ «Ռոլան Կարոս»-ի տիտղոս եւ 2-րդ «Եու. Էս. Օփըն»-ի տիտղոս` յաղթելէ ետք Ճոքովիչին, եւ հասնելով 13 կրան շլեմի տիտղոսներու` Փիթ Սամփրասին (14 տիտղոս) մօտենալով, մինչ Ֆետերեր տակաւին հեռու էր 17 տիտղոսով:
2014.- Սամփրասի մրցանիշին հաւասարեցաւ «Ռոլան Կարոս»-ի 9-րդ տիտղոսը շահելով` յաղթելէ ետք Ճոքովիչին: Ուիմպըլտընի 4-րդ հանգրուանին պարտուեցաւ թիւ 144 դասուած Նիք Քիրկիոսէն, ապա 3 ամիս բացակայեցաւ աջ ձեռքի դաստակի հարցով:
2015.- «Ռոլան Կարոս»-ի քառորդ աւարտականին պարտութիւն մը կրեց եւ տարին աւարտեց առանց կրան շլեմի:
2016.- 2004-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով չկրցաւ հասնիլ կրան շլեմի որեւէ մրցաշարքի քառորդ աւարտական: Աւստրալիոյ մէջ առաջին հանգրուանին պարտուեցաւ, եւ չմասնակցեցաւ մնացեալ մրցաշարքերուն` ձախ ձեռքի դաստակի հարցով:
2017.- Աւստրալիոյ աւարտականին պարտուելէ ետք Ֆետերերէն, «Ռոլան Կարոս»-ի վրայ տիրապետեց եւ 7 մրցումներու ընթացքին 35 կէտ կորսնցուց շահելով միայն 10-րդ տիտղոսը: «Եու. Էս. Օփըն»-ը շահեցաւ 16-րդ կրան շլեմը շահելով (1 մրցաշարք պակաս Ֆետերերէն) եւ տարին աւարտեց առաջին դիրքի վրայ (4-րդ անգամ ըլլալով):
2018.- 11-րդ տիտղոսը շահեցաւ «Ռոլան Կարոս»-ի մէջ: Երկու կրան շլեմի մրցաշարքերէ քաշուեցաւ` մրցումի պահուն վիրաւորուելէ ետք, եւ տարեշրջանը աւարտեց ծունկի, մէջքի եւ ստամոքսի մկաններու ցաւերէ ետք:
2019.- «Ռոլան Կարոս»-ի թիւ 12, «Եու. Էս. Օփըն» թիւ 4 եւ վերադարձաւ թիւ 1 դիրքը 33 տարեկանին: Աւստրալիոյ մրցաշարքին պարտուեցաւ Ճոքովիչէն (աւարտականին) եւ Ֆետերերէն Ուիմպըլտընի կիսաւարտականին: Անգամ մը եւս տառապեցաւ սրունքի, ծունկի, ձախ ձեռքի եւ ստամոքսի հարցերէ` ամբողջ տարուան ընթացքին:
2020.- Ֆետերերին հաւասարեցաւ 20 կրան շլեմի տիտղոսներով, 13-րդ տիտղոսը շահելէ ետք «Ռոլան Կարոս»-ի մէջ պարտութեան մատնելով Ճոքովիչը:
2021.- Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին 2 սեթ յաղթելէ ետք, յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասէն պարտուեցաւ քառորդ աւարտականին, ապա Ճոքովիչէն` «Ռոլան Կարոս»-ի կիսաւարտականին: Միայն 2 մրցումներ կատարեց մնացեալ տարին` ձախ ոտքի ցաւի պատճառով:
2022.- 21-րդ կրան շլեմը շահեցաւ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին (1 տիտղոսով գերազանցելով Ֆետերերին), 2 սեթ կորսնցնելէ ետք Տանիլ Մետվետեւի դէմ: Թիւ 22-ն «Ռոլան Կարոս»-ին էր, ուր կրցաւ ձախ ոտքի ցաւն ալ զսպել` յաղթելով Քասփըր Ռոտին: 36 տարեկանին ան դարձաւ երիցագոյն ախոյեանը այս մրցաշարքին` իր հողով ծածկուած դաշտերու վրայ մրցաշարքի մրցանիշը բարձրացնելով 112-3-ի: Ուիմպըլտընի կիսաւարտականէն քաշուեցաւ ստամոքսի մկանի մը պատռուելուն պատճառով: «Եու. Էս. Օփըն»-ի Դ. հանգրուանէն դուրս մնաց պարտուելէ ետք Ֆրանսիս Թիաֆոյէն:
2023.- Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանին դուրս մնաց ձախ կողմի մէջքի մկանի ցաւի պատճառով: Ամէնէն կանուխ պարտութիւնն էր Նատալի վերջին 7 տարիներուն` կրան շլեմի մրցաշարքերուն: Գործողութիւն մը ունեցաւ մէջքի հարցը լուծելու համար եւ հեռու մնաց այլ մրցաշարքերէ:
2024.- Անգամ մը եւս փորձեց վերադառնալ եւ չկրցաւ 3 կրան շլեմի մրցաշարքերու մասնակցիլ: Դժուար վիճակաձգութիւն ունեցաւ իր նախասիրած «Ռոլան Կարոս»-ի մրցաշարքին, ուր իր դէմ ունէր փոխախոյեան Ալեքսանտր Զվերեւ, եւ պարտուեցաւ առաջին հանգրուանին: Նատալ մասնակցեցաւ նաեւ Փարիզի Ողիմպիականին, ուր անհատական մրցումներուն պարտուեցաւ Ճոքովիչէն (Բ. հանգրուանին) եւ զոյգերու մրցումներուն` քառորդ աւարտականին իր զոյգը ունենալով Քարլոս Ալքարասը:
10 հոկտեմբերին ան յայտնեց, որ իր վերջին ելոյթը պիտի ըլլայ Սպանիոյ հետ` «Տէյվիս»-ի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Մալակայի մէջ, 19 նոյեմբերէն սկսեալ: