Իտալիոյ ֆութպոլիստներու միութիւնը երէկ ընտրեց «Սերի Ա.»-ի 2023-2024 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկը, մարզիչը եւ խումբը:
Ինթեր Միլանի արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինես շահեցաւ տարուան լաւագոյն մարզիկի մրցանակը: Սիմոնէ Ինցակի ընտրուեցաւ «Սերի Ա.»-ի լաւագոյն մարզիչ, իսկ ախոյեան Ինթեր Միլան ակումբը` բնականաբար լաւագոյն ակումբ: Ինթեր անցեալ տարեշրջանին 94 կէտով ախոյեանութիւնը շահած էր` 19 կէտի առաւելութիւն ունենալով Բ. դիրքը գրաւող Ա. Սէ. Միլանի վրայ:


