Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Տինամօ Մոսկուա, որ կը մրցէր Ախմաթ Կրոզնիի դէմ, 22-րդ վայրկեանին կոլ մը ստանալէ ետք կը կարծուէր, որ պարտութիւն մը պիտի կրէ, եւ վերջին յոյս մը ունէր հաւասարելու` 95-րդ վայրկեանին քոռնըր:
Պրազիլցի Պիթելլօ, որ 65-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած էր, բարձրացուց գնդակը ձախ կողմէն, եւ բերդապահ Իկոր Լեշչուք վրայ հասնելով գլխու հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը ի նպաստ Տինամոյի: Լեշչուք Ռուսիոյ ախոյեանութեան պատմութեան ընթացքին առաջին բերդապահն էր, որ կը նշանակէր կոլ մը:
Տինամօ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ (39 կէտ), մինչ Էտուարտ Սփիրձեանի խումբը` Կրասնոտար Բ. դիրքը` 38 կէտով, մանաւանդ իր 3-0 պարտութենէն ետք Սպարտակ Մոսկուայէն:


