Մանչեսթըր Սիթի յունուարի ձմեռնային փոխանցումներու շուկային տրամադրած է 240 միլիոն եւրօ, նոր խաղացողներ «գնելու» համար:
Ըստ «Տէյլի Սթար»-ի, Սիթիի ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ շատ արագ լուծում գտնել իր անյաջող ելոյթներուն` քանի մը խաղցող ձեռք ձգելով:
Ըստ աղբիւրին, Սիթիի փոխանցման թեկնածու են Ռէալ Սոսիետատի միջնապահ Մարթին Սուպիմենտի, Նիւքեսըլի միջնապահ Պրունօ Կիմարայեշ եւ Սփորթինկ Լիզպոնի շուէտացի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշ:
Նշենք, որ Կուարտիոլայի գլխաւորած խումբը իր վերջին 7 մրցումներուն կրած է 5 պարտութիւն:


