Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էտուարտօ Պովէ Կը Լաւանայ

December 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի գիշեր Ինթեր Միլան կը մրցէր Ֆիորենթինայի դաշտին վրայ` «Սերի Ա.»-ի 14-րդ հանգրուանին գծով մրցումին:

Մրցումը բնական կ՛ընթանար մինչեւ 10-րդ վայրկեանը, երբ Ինթեր քոռնըր մը շահեցաւ: Քոռնըրէն ետք գնդակը հասաւ նետերլանտցի Տենզել Տումֆրիզի, որ բոլորէն բարձր ցատկեց գլխու հարուած տալով գնդակին, զոր զսպեց բերդապահ Տաւիտ Տը Խէա:

Այդ վայրկեանէն ետք, Ֆիորենթինայի ձախ կողմի միջնապահ Էտուարտօ Պովէ քիչ մը անբնական վիճակ ունէր եւ դուրս եկաւ շապիկը փոխելու, հաւանաբար Տամֆրիզի հետ զարնուելէ ետք բան մը պատահած էր 17-րդ վայրկեանին, Պովէ դէպի վար ծռեցաւ կապերը շտկելու նման, բայց ինկաւ գետին… բոլորը անակնկալի եկած էին, իրարանցում մը ստեղծուեցաւ դաշտին մէջ, մրցումը ընդհատուեցաւ, եւ բոլորը վազեցին 22 տարեկան Պովէի մօտ: Աւելի ուշ ան պատգարակով դուրս եկաւ եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: 13 վայրկեան տեւեց Պովէն իյնալէն հիւանդանոց հասնիլը:

Աւելի ուշ նշուեցաւ, թէ Պովէի սիրտը կանգ առած էր եւ դաշտին մէջ միայն 1 բժիշկ կար, որ որոշումը տուած էր շտապօգնութեան մեքենային ժամանումին, որ արդէն 4 վայրկեանէն հասած էր հիւանդանոց: Մրցումը անշուշտ կիսաւարտ մնաց եւ պիտի խաղցուի տարբեր օր, մինչ Պովէ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ անմիջապէս կ՛ուզէ միանալ խումբին:

Նշենք, որ Պովէ Ա. Էս. Ռոմայի սան է եւ այս ամառ միացած էր Ֆիորենթինային աշխատավարձով (փոխ տրուած), ուր կատարած է 12 մրցում` նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով 2 էսիսթ:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի «Սուրէն Տօնապետեան» Վարչական Գրասենեակ

Յաջորդը

Իկոր Լեշչուք` Ռուսիոյ Պատմութեան Առաջին Կոլ Նշանակող Բերդապահը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.