Ամերիկացի լեռնադահոյկի ախոյեան Միքայելլա Շիֆրին շաբաթավերջին Քիլինկթընի (Վերմոնթ) մէջ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, երբ իր 100-րդ տիտղոսը շահելու կը սուրար:
Շիֆրին (29 տարեկան) կը հասնէր աւարտի գիծին, երբ անակնկալ ձեւով իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց եւ զարնուեցաւ ցանկապատի նման անցարգելի մը, ապա գլխիվայր դառնալէ ետք զարնուեցաւ այլ անցարգելի մը եւ կռնակին վրայ պառկած մնաց, մինչեւ որ օգնութիւն հասնի: Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, Շիֆրինի ստամոքսի աջ կողմի մկանը պատռուած է, եւ կոտրուածք չունի:
Շիֆրին կը նկատուի դահուկարշաւի ամէնէն շատ տիտղոսներ շահող մարզիկը` տղոց թէ աղջկանց գծով:
Ան երկու անգամ Ողիմպիական ոսկի մետալակիր է, 5 անգամ աշխարհի ախոյեան, 4 անգամ սլալոմի աշխարհի ախոյեան: Ան 8 անգամ ալ շահած է աշխարհի «Տիսիփլին» ախոյեանութիւնը: Ան ունի 99 տիտղոսներ եւ 154 անգամ բարձրացած է փոտիում: