Երկուշաբթի, 9 դեկտեմբերին, ժամը 11:30-ին, Երեւանի «Ճունիոր Սփորթ» դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ բարեկամական հանդիպում մը, վաղամեռիկ ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Լեւոն Ղասապօղլեանի յիշատակին:
Իրար դէմ կը մրցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վեթերաններու ազգային խումբերը: Հայաստանի ազգային խումբին մաս պիտի կազմեն Արթուր Քոչարեանի, Վալերի Ալեքսանեանի եւ Արթուր Ոսկանեանի նման մարզիկներ:
Ռուսիոյ կազմին մաս պիտի կազմեն Տիմիթրի Ալենիչեւ, Եկոր Թիթով, մարզիչ Օլեկ Ռոմանցեւ եւ այլ մարզիկներ:
Ռուսիոյ հաւաքականի գործողութիւնները կը ղեկավարէ Ռուսիոյ վեթերաններու միութեան նախագահ Ալեքսանտր Միրզոյեան, իսկ Հայաստանի խումբը կը ղեկավարէ անուանի ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Սամուէլ Ղասապօղլեան: