2034-ի Մոնտիալի գլխաւոր եւ միակ թեկնածուն կը մնայ Սէուտական Արաբիան, եւ այդ ծրագիրին համար ՖԻՖԱ-ն արդէն իսկ մեծ գլխու ցաւի մէջ կը գտնուի: Ասիկա միայն հանրային քննադատութեան չի վերաբերիր: Քաթարի Մոնտիալին նման, Սէուտական Արաբիոյ Մոնտիալն ալ պիտի չկատարուի ամրան, այլ` ձմրան: 2022-ին հիմնական պատճառը եղանակային տաք պայմաններն էին, բայց այժմ այդ չէ միակ պատճառը: 2022-ին Մոնտիալը տեղի ունեցած էր նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն, սակայն Սէուտական Արաբիոյ մէջ Մոնտիալը նախատեսուած է… յունուարին: Պատճառը իսլամական տօնական գլխաւոր ամիսն է` Ռամատանը, որ տեղի կ՛ունենայ տարեվերջին, եւ ՖԻՖԱ-ն չ՛ուզեր անոր հետ խաչաձեւում ըլլայ:
2034-ի փետրուար ամսուն Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ տեղի պիտի ունենան ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը, եւ Մոնտիալի գլխաւոր կազմակերպիչը` ՖԻՖԱ-ն կը ցանկայ Մոնտիալի աւարտականը կատարել Ողիմպիականի ազդանշանէն առաջ:
Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ վերջնական որոշումը, պէտք է շուտով յստականայ:


