Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի («Էֆ. Էյ. Քափ») մրցաշարքի Գ. հանգրուանի (վիճակաձգութիւններուն, Արսենալ պիտի մրցի Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ, ամէնէն «հետաքրքրական» մրցումին:
Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք մրցումը տեղի պիտի ունենայ 11 յունուարին, եւ Ասթոն Վիլա – Ուեսթ Համ մրցումին նման միակ ելոյթն է, որ իրար դէմ պիտի հանէ «Փրեմիեր լիկ»-ի երկու խումբերը:
Ստորեւ` վիճակաձգութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբերուն մրցումները. այդ խումբերը մեծ մասամբ աւելի վարին դասակարգերու դէմ պիտի մրցին:
Նիւքեսըլ – Պրոմլի
Թեմուորթ – Թոթենհամ
Մանչեսթըր Սիթի – Սալֆորտ Սիթի
Սաութհեմբթըն – Սուանսի
Ֆուլհամ – Ուաթֆորտ
Իփսուիչ Թաուն – Պրսիթոլ Ռովըրզ
Ասթոն Վիլա – Ուեսթ Համ
Արսենալ – Մանչեսթըր Եունայթտ
Չելսի – Մորքեմպ
Լեսթըր Սիթի – Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ
Լիվըրփուլ – Աքրինկթըն Սթենլի
Նշենք, որ Էվըրթըն պիտի մրցի Փիթըրպորոյի դէմ, ուր հետաքրքրական ելոյթի մը հայր եւ զաւակ իրար դէմ կրնան մրցիլ:
Արդարեւ, Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիկներէն Էշլի Եանկ (39 տարեկան), որ մաս կը կազմէ Էվըրթընի, իր դէմ կրնայ ունենալ իր 19 տարեկան զաւակը` Թայլըր Եանկը, որ Փիթըրպորոյի մարզիկ է:


