Սլովան Պրաթիսլաւա Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին գծով կոլ մը ստանալէ ետք, Տուքլա Պանսքա Պիսթրիցա խումբին դէմ կրցաւ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրել:
Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան գեղեցիկ եւ անզսպելի հարուածով մը նշանակեց Սլովանի հաւասարութեան կոլը 48-րդ վայրկեանին` օգնելով իր խումբին, որ վերագրաւէ պարագլուխի դիրքը: Խումբը 1 մրցում պակաս կատարած է Զիլինայէն (Բ. դիրք):
Ասիկա Բարսեղեանի 12-րդ կոլն էր այս տարեշրջանին, ան կատարած է նաեւ 3 էսիսթ: