Հայաստանի ազգային խումբի նախկին միջնապահ եւ Փիւնիկի մարզիկ Արտակ Գրիգորեան աւարտեց իր ֆութպոլի ասպարէզը, երկուշաբթի օր իր վերջին մրցումը կատարելէ ետք Փիւնիկի հետ:
Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Գանձասարի եւ մնաց 3-րդ դիրքի վրայ (34 կէտ)` 1 կէտով ետ մնալով Ուրարտուէն եւ Արարատ – Արմենիայէն:
37 տարեկան Գրիգորեան, որ իր ասպարէզի վերջին կոլն ալ նշանակած էր անցեալ 7 նոյեմբերին` Գանձասարի դաշտին վրայ, 52 մրցում կատարած է Հայաստանի ազգային խումբի շապիկով եւ 496 մրցում մեծ մասամբ Ալաշկերտի եւ Փիւնիկի հետ:
Արտակ Գրիգորեան Հայաստանի ախոյեանութեան պատմութեան 3-րդ ամէնէն շատ հանդիպումներու մասնակցած ֆութպոլիստն է: Ան անցեալ տարեշրջանին ախոյեան դարձած էր Փիւնիկի հետ, իր ասպարէզին ընթացքին 6-րդ անգամ ըլլալով: