Գերմանիոյ մէջ երեքշաբթի գիշեր քանի մը մրցում տեղի ունեցաւ բաժակի մրցաշարքի` «Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ»-ի Գ. հանգրուանի գծով:
Պայերն Միւնիխ հիւրընկալեց անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզընը, եւ գեղեցիկ մրցումէ մը ետք 1-0 արդիւնքով Լեւերքուզըն յաղթանակով դուրս եկաւ` մեծապէս օգտուելով Մանուէլ Նոյըրի կարմիր քարտէն:
Իր ասպարէզին մէջ առաջին կարմիր քարտը ստացաւ Նոյըր, որ 16-րդ վայրկեանին իր մեծ քառակուսիէն դուրս եկաւ գլխու հարուածով միջամտութիւն մը կատարելու համար, բայց… մրցակից Ֆրիմփոնկին զարնուեցաւ, բան մը, որ ստիպեց օրուան իրաւարարին կարմիր քարտի որոշումը տալու:
Մարզիչ Վենսան Քոմփանի ստիպուեցաւ Լիրոյ Սանէն փոխարինել եւ դաշտ ներկայացուց Տանիէլ Փերեցը:
Հակառակ Մանուէլ Նոյըրի կարմիր քարտին, Պայերն շարունակեց ճնշել Լեւերքուզընի վրայ եւ առիթներ ստեղծեց Լայմերի, Կորեցքայի եւ Քիմի միջոցով մինչեւ կիսախաղ: Բ. կիսախաղին բնականաբար Պայերնի մարզիկները 10 հոգիով յոգնելու սկսան, Վերց կոլի լաւ առիթ մը ստեղծեց: 69-րդ վայրկեանին միջնապահ Նաթան Թելլա գլխու հարուածով նշանակեց Լեւերքուզընի եւ մրցումի միակ կոլը, արագ հակայարձակումէ մը ետք գլխու հարուածով:
Միակ դրական բանը Պայերնի համար վերադարձն էր Ալեքսանտր Փաւլովիչի, որ 19 հոկտեմբերէն վիրաւոր էր:
Վերտըր Պրեմըն 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տարմշթատը` շնորհիւ Անթոնի Եունկի 94-րդ վայրկեանի կոլին:
Արմինիա Պիլեֆելտ 3-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Ֆրայպուրկը, մինչ Շթութկարթ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ռեկենսպուրկի դաշտէն:
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանէն յառաջաձգուած մրցումի մը, Պարսելոնա կիսախաղին 1-1 արդիւնքով հաւասար մնալէ ետք Մայորքայի դաշտին վրայ, կրցաւ 4 կոլ նշանակել շնորհիւ Ռաֆինիայի (2), Տը Եոնկի եւ Փաու Վիքթորի: Ֆեռան Թորես նշանակած էր Պարսայի առաջին կոլը 12-րդ վայրկեանին, մինչ Վետաթ Մուրիքի` Մայորքայի միակ կոլը:
ԻՏԱԼԻՈՅ բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սասուոլոն: Չուքվուեզէ (2), Ռէյնտըրս, Լէաօ, Քալապրիա եւ Ապրահամ նշանակեցին Միլանի կոլերը, մինչ Մուլաթիերի` Սասուոլոյի կոլը:
Պոլոնիա 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Մոնցան: Փոպեկա, Օրսոլինի, Տոմինկես եւ Քասթրօ նշանակեցին Պոլոնիայի 4 կոլերը:


