Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի 2024-2025 տարեշրջանի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Եունիսփորթ 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած է Էքովիլ խումբը:
Եունիսփորթի կոլերը նշանակած են Գեղամ Սիմոնեան (2), Համլեթ Մանուկեան (2), Տիգրան Վարդանեան եւ Սարգիս Մարգարեան:
Էքովիլի կոլը նշանակած է Վաչագան Յաբէթեան: Այս յաղթանակէն ետք, Եունիսփորթ 21 կէտ ունենալով կը գլխաւորէ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան դասաւորման պարագլուխի դիրքը, ախոյեանութեան 7 մրցումներուն ալ յաղթելով:


