Մարզական

Հայաստանի 2024-ի Լաւագոյն Մարզիկները.  Վարազդատ Լալայեան, Արթուր Դաւթեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան

Հայաստանի 2024-ի Լաւագոյն Մարզիկները. Վարազդատ Լալայեան, Արթուր Դաւթեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը 24 դեկտեմբերին կայացուց «Մարզական աշխարհի լաւագոյններու ընտրութիւն» հանդիսութիւնը, որուն քուէարկութեան մասնակցեցան 19 մարզական լրագրողներ: Ըստ նոր դրութեան, այս տարուան քուէարկութեան մասնակցեցան միայն մարզական լրագրողները: Հայաստանի լաւագոյն երեք մարզիկներ ընտրուեցան Վարազդատ Լալայեան, Արթուր Դաւթեան եւ Արթուր Ալեքսանեան: Իգական սեռի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան: Հաշմանդամութիւն ունեցող լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Կրեթա Վարդանեան: Լաւագոյն խումբ...

Լուքաս Զելարայեան Կը Վերադառնայ Արժանթին

Լուքաս Զելարայեան Կը Վերադառնայ Արժանթին

Հայաստանի ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Լուքաս Զելարայեան շատ հաւանաբար այս շաբաթ լքէ Սէուտական Արաբիոյ Ֆաթեհ ակումբը: Կը նշուի, որ Զելարայեան աւելի կանուխ կ՛ուզէր հեռանալ Սէուտական Արաբիայէն` վերադառնալով հարազատ Պելկրանօ (Արժանթին): Սակայն արժանթինեան ակումբը բաւական ժամանակէ ի վեր չէր կրնար համաձայնիլ անոր փոխանցումին շուրջ: Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, թէ Զելարայեան Սէուտական Արաբիա պիտի մնայ նոյնիսկ իր պայմանագրութեան աւարտէն ետք ալ: Հաւանական...

Պալեքեան Պիտի Մնայ Խիմնասիա Էսկրիմայի Հետ

Պալեքեան Պիտի Մնայ Խիմնասիա Էսկրիմայի Հետ

Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ Պալեքեան յառաջիկայ տարեշրջանին ալ պիտի մնայ Խիմնասիա Էսկրիմայի հետ: Պալեքեան վերջերս խորհրդակցութիւն ունեցած է ակումբի պատասխանատուներուն հետ` ներկայացնելով իր ծրագիրները: Կը նշուի, որ 28 տարեկան մարզիկը կը ցանկայ լաւ նախամրցաշրջանային փուլ անցնիլ եւ ֆիզիքական լաւ մարզավիճակ ունենալ: Աւելի կանուխ լուրեր տարածուած էին, որ հայ յառաջապահին ընդհանրապէս երկար ժամանակ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով ակումբը կը մտածէր...

Ֆորմիւլա 1.  Լիամ Լոսըն Փոխարինեց Սերխիօ Փերեսը` Ռետ Պուլի Հետ

Ֆորմիւլա 1. Լիամ Լոսըն Փոխարինեց Սերխիօ Փերեսը` Ռետ Պուլի Հետ

2025 տարեշրջանին համար Ֆորմիւլա 1-ի 10 խումբերը կը փորձեն բարելաւել իրենց ինքնաշարժները, եւ նոյնիսկ վարորդները` աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու նպատակով: «Ռետ Պուլ» 2 անմրցելի տարիներ անցընելէ ետք այս տարի չկրցաւ քայլ պահել «Մաքլարեն»-ի եւ «Ֆեռարի»-ի հետ, հակառակ անոր որ վերջին 3 տարիներուն աշխարհի ախոյեանութիւն շահած նետերլանտցի Մաքս Վերշթափըն բաւական դժուար ձեւով այս տարի ալ շահեցաւ ախոյեանութիւնը, սակայն գրեթէ ամբողջովին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Աքրամ Հալապիի Ցանկը Շահեցաւ Ֆետերասիոնի Ընտրութեան

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աքրամ Հալապիի Ցանկը Շահեցաւ Ֆետերասիոնի Ընտրութեան

Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւնը, որուն ընթացքին այժմու նախագահ Աքրամ Հալապիի ցանկը շահեցաւ: 15 հոգինոց ցանկին մաս կը կազմեն նաեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Հայկ Թապաքեան եւ Անդրանիկի ներկայացուցիչ Վիգէն Ջերջեան, Ռիատիի ներկայացուցիչ Մոհամետ Թամմամ Ժարուտի, Սաժիսի ներկայացուցիչ Իպրահիմ Պասիլ, Պէյրութի ներկայացուցիչ Ժիհատ Սալիպա, ինչպէս նաեւ Շարպել Ռիզք (Շապապ Ռիատի Պաթրունի ներկայացուցիչ), Սիմոն Զղէյպ (Շանվիլի ներկայացուցիչ), Մարուն Ժըպրայէլ, Տումսեթ Քալլապ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Լիվըրփուլ 6 Կոլ Նշանակեց Լոնտոնի Մէջ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ 6 Կոլ Նշանակեց Լոնտոնի Մէջ

Լիվըրփուլ «Փրեմիեր լիկ»-ի հանգրուանի մրցումներուն շատ կարեւոր այցելութիւն մը ունէր Լոնտոնի մէջ` Թոթենհամի դէմ: Մրցումը սկսաւ «Կարմիրներ»-ու արագ յարձակումներով. եգիպտացի Սալահ քանի մը առիթով վտանգեց Թոթենհամի բերդը, որուն ձողը 18-րդ վայրկեանին զսպեց հարուած մըն ալ: 23-րդ վայրկեանին Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտի օդէն փոխանցումէն ետք, Լուիս Տիաս գլխու հարուածով նշանակեց մրցումի առաջին կոլը: Թոթենհամ աւելի ճնշելու սկսաւ, բայց Լիվըրփուլ, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Տարեշրջանի Իր 9-րդ Թրիփըլ-Տապըլը Արձանագրեց

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Տարեշրջանի Իր 9-րդ Թրիփըլ-Տապըլը Արձանագրեց

Տենվըր Նակեթցի սերպ աստղ Նիքոլա Եոքիչ, բաւական ուշ մտնելէ ետք մրցումի մթնոլորտին մէջ, կրցաւ տարեշրջանի իր 9-րդ թրիփըլ-տապըլը իրագործել` նշանակելով 27 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ, իր խումբը առաջնորդելով 132-129 արդիւնքով յաղթանակի մը: Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 17 կէտի առաւելութիւն ունէր Տենվըրի վրայ, բայց մրցումի վերջին 7 վայրկեաններուն Տենվըր ինքզինք գտաւ, եւ մանաւանդ Եոքիչ, որ կէտ չէր նշանակած առաջին 21...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Ս. Ծննդեան Վազքի Մրցանակաբաշխութեան  Հանդիսութիւն

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Ս. Ծննդեան Վազքի Մրցանակաբաշխութեան Հանդիսութիւն

Պէյրութ Մարաթոն միութեան կազմակերպած Ս. Ծննդեան վազքի մրցումէն ետք (անցեալ կիրակի), միութիւնը Պէյրութի իր կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 300 հրաւիրեալներու, հանդիսութիւն մը կազմակերպեց մրցանակները բաժնելու տարիքային բոլոր մասնակիցներուն: Հանդիսութեան ընթացքին, զոր կը գլխաւորէր Պէյրութ մարաթոն միութեան տնօրէն Մայ Խալիլ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնց կարգին` պատանի մասնակիցներուն, որոնք պիտի ըլլան ապագայ սերունդի Լիբանանի անունը բարձր պահող դէմքերը: Խալիլ նաեւ...

Ծանրաբարձութիւն.  Վարազդատ Լալայեան Վաստակաւոր Վարպետի Կոչում Ստացաւ

Ծանրաբարձութիւն. Վարազդատ Լալայեան Վաստակաւոր Վարպետի Կոչում Ստացաւ

2024-ի Փարիզի Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, Եւրոպայի եւ աշխարհի այժմու ախոյեան ծանրաբարձ Վարազդատ Լալայեան արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան վաստակաւոր վարպետի կոչման: Պարգեւը յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան: «Կրցայ ուրախ պահեր պարգեւել հայ ազգին, որուն համար շատ հպարտ եմ: Ասիկա իսկապէս երկար սպասուած...

Սառոյցի Վրայ Պար.  Ատելիա Պետրոսեան Ռուսիոյ Ախոյեան` 2-րդ Տարին Ըլլալով

Սառոյցի Վրայ Պար. Ատելիա Պետրոսեան Ռուսիոյ Ախոյեան` 2-րդ Տարին Ըլլալով

Սառոյցի վրայ պարող Ատելիա Պետրոսեան յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ աղջկանց սառոյցի վրայ պարի Ռուսիոյ ախոյեան: Օմսքի մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան ընթացքին, կարճ եւ ազատ պարի մրցումներուն Ատելիա 262,92 կէտ հաւաքելով գրաւեց առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Տարիա Սատքովա` 234,69 կէտ հաւաքելով, իսկ Ալինա Կորպաչովա 223,92 կէտ հաւաքելով դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: Նշենք, որ անցեալ տարի 17 տարեկան Ատելիա Պետրոսեան 246,53...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Սիթի Եւ Պարսելոնա Կը Շարունակեն «Կաղալ»

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Եւ Պարսելոնա Կը Շարունակեն «Կաղալ»

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի անկայուն վիճակը շարունակուեցաւ: Ան կրեց 9-րդ պարտութիւնը իր կատարած վերջին 12 մրցումներուն, ուր յաջողած է միայն 1 յաղթանակ արձանագրել: Սիթի այս անգամ Ասթոն Վիլայի դէմ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Ճոն Տիւրան եւ Մորկըն Ռոճըրզ նշանակեցին Վիլայի կոլերը, մինչ Ֆիլ Ֆոտըն 93-րդ վայրկեանին նշանակեց Սիթիի միակ կոլը: Պէտք է ըսել, որ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տալաս Յաղթեց Քլիփըրզին

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Յաղթեց Քլիփըրզին

Երկու օր առաջ պարտութիւն մը կրելէ ետք առանց Տոնչիչի եւ Ըրվինկի, Տալաս Մեւրիքս անգամ մը եւս հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, ուր Քայրի Ըրվինկի վերադարձը բաւարար էր, որ Տալաս վերագտնէ իր հաւասարակռշռութիւնը եւ յաղթէ 113-97 արդիւնքով: Տալասէն ութ մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին` մոռցնելով Լուքա Տոնչիչի բացակայութիւնը: Հայմզ (20 կէտ), Քլէյ Թոմփսըն (16 կէտ), Տինուիտի (15 կէտ), Քայրի (15 կէտ), Կաֆորտ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եունայթըտ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն. Ինթեր Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եունայթըտ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն. Ինթեր Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Հինգշաբթի գիշեր Անգլիոյ Լիկայի բաժակի քառորդ աւարտականի վերջին մրցումին, Թոթենհամ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ հասաւ կիսաւարտական: Մինչեւ 54-րդ վայրկեան Թոթենհամ 3-0 արդիւնքով յառաջացած էր, բայց Եունայթըտ մանաւանդ Բ. կիսախաղին լաւ ելոյթ մը ունեցաւ եւ երկու կոլ նշանակեց 7 վայրկեաններու ընթացքին` Զերքզիի եւ Տիալոյի միջոցով, սակայն լոնտոնեան կազմը ինք էր, որ նշանակեց յաջորդ կոլը, երբ քորէացի Սոն քոռնըրէն...

Տարուան Լաւագոյններուն Ընտրութիւնը` 24 Դեկտեմբերին

Տարուան Լաւագոյններուն Ընտրութիւնը` 24 Դեկտեմբերին

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, թէ 24 դեկտեմբերին պիտի կայացնէ «մարզական աշխարհի լաւագոյններու ընտրութիւն» հանդիսութիւնը, որուն նպատակն է խրախուսել եւ մեծարել տարուան նուաճումներ կամ նշանակելի յաջողութիւններ ձեռք ձգած մարզիկներ, որոնք իրենց ելոյթներով կ՛օգնեն բարձրացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութիւնն ու պետական խորհրդանիշները եւ ազգային արժէքները: Յաղթականները պիտի որոշուին նախարարութեան կողմէ հաւատարմագրուած մարզական լրագրողներու քուէարկութեան արդիւնքներուն համադրումով: Լրագրողները...

Մեսսի Ամէնէն Շատ Վճարուած Ֆութպոլիստը

Մեսսի Կրնայ Միանալ Մանչեսթըր Սիթիին

Ինթեր Մայեմի խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի կրնայ միանալ Մանչեսթըր Սիթիին` ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակ: Ըստ «Թութոսփորթ»-ի, Փեփ Կուարտիոլա չափազանց հետաքրքրուած է արժանթինցի ֆութպոլիստը ունենալու իր կազմին մէջ: Սպանացի մարզիչը կը ցանկայ աշխատավարձով ձեռք ձգել Մեսսին, մինչեւ տարեշրջանի աւարտը, որպէսզի ան բարելաւէ անգլիական ակումբին ելոյթները: Կը նշուի, որ Ինթեր Մայեմիի համասեփականատէր Տէյվիտ Պեքհամ պատրաստ է «տալու» Մեսսին, եթէ վերջինս կ՛ուզէ Անգլիոյ մէջ...

«Քոնֆերենս Լիկ».  Նոա Պարտութիւն Կրեց Եւ Դուրս Մնաց

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոա Պարտութիւն Կրեց Եւ Դուրս Մնաց

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆերենս լիկ»-ի 6-րդ շաբթուան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Նոան, որ կը մրցէր Սերպիոյ մէջ, շատ լաւ սկսաւ մրցումը Պաչքա Թոփոլայի դէմ եւ 5-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը պրազիլցի Մաթէուս Արիասի շնորհիւ: 10 վայրկեան ետք փորթուգալցի Հելտեր Ֆերէյրա 2-ի բարձրացուց հաշիւը: 37-րդ վայրկեանին միջնապահ Արտակ Տաշեան վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Արտեմ Աւանէսեանի հետ: 41-րդ վայրկեանին սերպ Փեթար Սթանիչ...

Պարսելոնա Եւ Մանչեսթըր Եունայթտ Կը Բանակցին…

Պարսելոնա Եւ Մանչեսթըր Եունայթտ Կը Բանակցին…

Սպանիոյ Պարսելոնան եւ Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտը բանակցութիւններու մէջ կը գտնուին «Կարմիր սատանաներ»-ու 27 տարեկան Մարքուս Ռեշֆորտի եւ 27 տարեկան Ֆրենքի Տը Եոնկի փոխանակման շուրջ: Եունայթըտի մարզիչ Ռուպեն Ամորիմ կը կարծէ, որ Տը Եոնկ կրնայ որակաւոր յաւելեալ ուժ դառնալ իր խումբի միջնապահ գիծին համար: Միեւնոյն ժամանակ Ամորիմ կը ցանկայ, որ Ռեշֆորտ հեռանայ Եունայթըտէն, որուն պատճառով ալ ան առաջարկուած է Պարսելոնային: Նախապէս...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լըպրոն Ճէյմս Մրցանիշ Մը Եւս Կոտրեց

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս Մրցանիշ Մը Եւս Կոտրեց

Քարիմ Ապտուլ Ժապպար 1989-ին լքեց պասքեթպոլի իր ասպարէզը «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ խաղալով 57,446 վայրկեան, որ օրին մրցանիշ էր: Այդ մրցանիշը մնաց մինչեւ երէկ, երբ Լըպրոն Ճէյմս հասաւ 57,447 վայրկեան Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ մրցումին: Լէյքըրզ 113-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթոն, ուր առաւելագոյն կէտերը նշանակեցին Օսթըն Ռիվզ (25 կէտ), Անթոնի Տէյվիս (21 կէտ եւ 19 ռիպաունտ), Լըպրոն Ճէյմս (19 կէտ) եւ...

Միջցամաքամասային Բաժակ.  Ռէալ Մատրիտ – Փաչուքա` 3-0

Միջցամաքամասային Բաժակ. Ռէալ Մատրիտ – Փաչուքա` 3-0

«Լուսէյլ»-ի դաշտին վրայ (Քաթարի մէջ) տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի 2024-ի միջցամաքամասային բաժակի աւարտական մրցումը` Ռէալ Մատրիտի եւ Փաչուքայի միջեւ: Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ, բայց պէտք է ըսել, որ մեքսիքական խումբը այնքան ալ դիւրին պատառ չէր եւ բազմաթիւ առիթներով վտանգեց Ռէալ Մատրիտի բերդը: 37-րդ վայրկեանին Վինիսիուսի փոխանցումին վրայ Քիլիան Էմպափէ նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը: Բ. կիսախաղի 8-րդ վայրկեանին պրազիլցի...

Ֆութսալ.  Հայաստան Հաւասարութիւն Արձանագրեց  Ղազախստանի Հետ

Ֆութսալ. Հայաստան Հաւասարութիւն Արձանագրեց Ղազախստանի Հետ

Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆութսալի Եուրօ 2026-ի զտումի մրցումներուն գծով 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ալմաթիի մէջ` Ղազախստանի հետ: Առաջին կիսախաղին 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք, ամէն ինչ հաւասար կ՛ընթանար մինչեւ վերջին վայրկեանները, երբ Ղազախստան 4-2 արդիւնքով յառաջ անցած էր: Հայաստան կրցաւ 2 կոլ եւս նշանակել եւ հաւասարութեամբ աւարտել մրցումը: Զ. խմբակին մաս կազմող երկու մրցակիցներն ալ...

Page 150 of 1275 1 … 149 150 151 … 1,275

Արխիւներ