2025 տարեշրջանին համար Ֆորմիւլա 1-ի 10 խումբերը կը փորձեն բարելաւել իրենց ինքնաշարժները, եւ նոյնիսկ վարորդները` աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու նպատակով:
«Ռետ Պուլ» 2 անմրցելի տարիներ անցընելէ ետք այս տարի չկրցաւ քայլ պահել «Մաքլարեն»-ի եւ «Ֆեռարի»-ի հետ, հակառակ անոր որ վերջին 3 տարիներուն աշխարհի ախոյեանութիւն շահած նետերլանտցի Մաքս Վերշթափըն բաւական դժուար ձեւով այս տարի ալ շահեցաւ ախոյեանութիւնը, սակայն գրեթէ ամբողջովին առանձին, մինչ խմբակից մեքսիքացի Սերխիօ Փերես անցեալ տարիներուն նման ո՛չ Մաքսին, ո՛չ ալ «Ռետ Պուլ»-ին կրցաւ օգնել: Հակառակ նոր պայմանագրութիւն ստորագրելուն «Ռետ Պուլ»-ի հետ (1 տարուան), երկու կողմերը համաձայնութեամբ բաժնուեցան իրարմէ, մինչ «Ռետ Պուլ»-ին միացաւ Լիամ Լոսըն, որ շատ լաւ արդիւնք արձանագրեց «Ռետ Պուլ»-ի կրտսեր խումբին` «Ար. Պի.»-ի հետ` երկու անգամ պահեստի վարորդի դեր առնելով:
«Ֆեռարի»-ի պարագային, Շարլ Լըքլեր մնաց այդ խումբին հետ, բայց 2025-ին բաւական ճնշումի տակ պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ «կարմիր» խումբին միացած է 7 անգամ աշխարհի ախոյեան Լուիս Համիլթըն:
Համիլթըն, որ տարիներով եղած էր «Մերսետես»-ի վարորդը, 2024-ի սկիզբէն արդէն իսկ պայմանագրութիւն կնքած էր իտալական խումբին հետ, իսկ իր վերջին մրցումներուն փաստեց, թէ տակաւին փայլուն վարորդ է «Մերսետես»-ի հետ, 2 բաւական «պաղ» տարեշրջաններ անցընելէ ետք գերմանական խումբին հետ:
Համիլթըն միանալով, սպանացի Քարլոս Սայնց բնաւ չազդուեցաւ եւ իր կարգին միացաւ «Ուիլիամս»-ին:
Ինքնաշարժներու ախոյեանութիւնը շահած «Մաքլարեն» իր երկու վարորդները պահեց, եւ 2023-ի աւարտէն իր կատարած փոփոխութիւններէն ետք շատ աւելի յառաջդիմութիւն կը տեսնէ:
Լանտօ Նորիս եւ Օսքար Փիասթրի կը ցանկան երկար ժամանակ մնալ «Մաքլարեն»-ի հետ` շահելով անհատական եւ խմբային տիտղոսներ:
«Մերսետես»-ի հետ պիտի մնայ բրիտանացի Ճորճ Ռասըլ` իր 4-րդ տարեշրջանը բոլորելով գերմանական խումբին հետ: Համիլթընի հեռանալով, Ռասըլ առիթ պիտի ունենայ աւելի եւս փայլելու, անշուշտ եթէ ինքնաշարժն ալ բարելաւուի: 2023-ին Ռասըլ 2 տարիով երկարաձգած էր իր պայմանագրութիւնը, եւ խմբակից պիտի ունենայ Ֆորմիւլա 2-ի Քիմի Անթոնելլին: Իտալացի վարորդը, ըստ պատասխանատու Թոթօ Վոլֆի, «Նոր Վերշթափըն»-ն է: Վոլֆ, որ կը փափաքէր ձեռք ձգել Մաքս Վերշթափընը, չկրցաւ համոզել աշխարհի ախոյեանը, իսկ այժմ պիտի բաւարարուի 18 տարեկան Անթոնելլիով:
«Ասթոն Մարթին»-ի վարորդներ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ եւ Լանս Աթրոլ պիտի մնան խումբին հետ: Ալոնսօ, որ անցեալ տարեշրջանին միացած էր «Ասթոն Մարթին»-ին` արձանագրելով լաւ արդիւնքներ մանաւանդ 2023-ի առաջին կիսուն, պիտի մնայ «Ասթոն Մարթին»-ի մէջ` յոյս ունենալով, որ խումբը պիտի բարելաւէ ինքնաշարժին արդիւնքները Ատրիան Նիուի ժամանումով: Սթրոլ, որ 2019-էն մաս կը կազմէ «Ասթոն Մարթին»-ին «վայելելով» իր հօր (տնօրէն) դիրքը, կը պահէ իր աթոռը:
«Ար. Պի.» խումբը, որ կը պատկանի «Ռետ Պուլ»-ի, յայտարարեց, որ պիտի պահէ իր վարորդը` Եուքի Ցունոտան, մինչ Տանիէլ Ռիքիարտոն փոխարինած Լիամ Լոսըն բաւարար արդիւնք ձեռք ձգելով նկատի առնուած էր իբրեւ Փերեսի փոխարինողը` «Ռետ Պուլ»-ի հետ: Լոսընի աթոռին պիտի նստի 20 տարեկան ֆրանսացի/ալճերիացի Իսաք Հաճար, որ Ֆորմիւլա 2-ի փոխախոյեանն է:
«Հաաս» խումբին միացած է «Ֆեռարի»-ի պահեստի վարորդ Օլիվըր Պերմըն, ինչպէս նաեւ Էսթեպան Օքոն, որ լքած էր «Ալփին»-ը:
Գերմանացի Նիքօ Հուլքենպերկ լքած էր խումբը` միանալու «Քիք Սաուպըր»-ի, որ յառաջիկայ տարի պիտի ըլլայ «Աուտի» անունով: Քեւըն Մակնուսըն իր կարգին լքած էր խումբը, երբ արդէն յուլիսէն յստակ էր անոր մեկնումը:
«Ալփին» «Հաաս»-ի նման գիտէր, թէ պիտի կորսնցնէ իր վարորդներէն մէկը, ուր Օքան, ինչպէս նշեցինք, 5 տարի «Ալփին»-ի վարորդ ըլլալէ ետք միացաւ «Հաաս»-ին:
Փիեռ Կասլի պիտի մնայ «Ալփին»-ի հետ` իրեն հետ ունենալով Ճեք Տուհընը, որ պահեստի վարորդ էր «Ալփին»-ի հետ:
«Ուիլիամս» իր 4-րդ տարին ըլլալով պիտի մասնակցի Ալեքս Ալպոնի հետ, որ անցեալ տարի 2 տարիով երկարաձգած էր իր պայմանագրութիւնը: Քարլոս Սայնց միացաւ «Ուիլիամս»-ին եւ յոյս ունի, որ յառաջիկայ տարուան փոփոխութիւններուն «Ուիլիամս» պիտի ըլլայ ախոյեանութեան գլխաւոր մրցակից:
«Քիք Սաուպըր», ինչպէս նշեցինք, ձեռք ձգած է Նիքօ Հուլքենպուրկը, որ պարտաւոր է երկար մնալու խումբին հետ, որ 2026-էն պիտի կոչուի «Աուտի», որուն պատասխանատուն Անտրէաս Զիտըլ մեծ դեր ունեցած է Հուլքենպուրկի հետ բանակցութիւններուն մէջ:
Սաօ Փաուլոյի կրան փրիէն ետք, «Սաուպըր» յայտնած էր, թէ Կապրիել Պորթոլեթօ պիտի միանայ Սաուպըրին: 20 տարեկան պրազիլցի վարորդը քանի մը տարիներու պայմանագրութիւն ստորագրած է խումբին հետ, եւ ասիկա կը նշանակէ, թէ «Սաուպըր»-ի 2024-ի վարորդներ Վալթերի Պոթաս եւ Ժու Կուանյու մնացին առանց խումբի: