«Լուսէյլ»-ի դաշտին վրայ (Քաթարի մէջ) տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի 2024-ի միջցամաքամասային բաժակի աւարտական մրցումը` Ռէալ Մատրիտի եւ Փաչուքայի միջեւ:
Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ, բայց պէտք է ըսել, որ մեքսիքական խումբը այնքան ալ դիւրին պատառ չէր եւ բազմաթիւ առիթներով վտանգեց Ռէալ Մատրիտի բերդը:
37-րդ վայրկեանին Վինիսիուսի փոխանցումին վրայ Քիլիան Էմպափէ նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը: Բ. կիսախաղի 8-րդ վայրկեանին պրազիլցի Ռոտրիկօ նշանակեց Ռէալի 2-րդ կոլը Էմպափէի փոխանցումէն օգտուելով, մինչ 84-րդ վայրկեանին տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուած պրազիլցի Վինիսիուս Ճունիոր փենալթիով նշանակեց 3-րդ եւ վերջին կոլը` ընտրուելով մրցումի լաւագոյն մարզիկը:
Միւս կողմէ, Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի կրցաւ իր 15-րդ տիտղոսը շահիլ Ռէալ Մատրիտի հետ` դառնալով ակումբի պատմութեան ամէնէն շատ տիտղոսներ շահած մարզիչը` գերազանցելով Միկել Միւնոսի 14 տիտղոսները:
«Ռէալի հետ 15 տիտղոսը աներեւակայելի բան է: Ես անկեղծօրէն ուրախ եւ հպարտ եմ այս յաջողութեամբ: Մրցումը դիւրին չէր… Անսպասելի մրցակից, շաբաթուան կիսուն մրցում… Յաղթանակներու այս արշաւը սքանչելի, բայց նաեւ դժուար փորձութիւններով ու վիրաւորներով հարուստ տարեշրջանի գագաթնակէտն է: 2024-ը այսպէս աւարտելու աւելի լաւ տարբերակ չկայ: Բայց, ինչպէս Ռէալ Մատրիտին կը վայելէ, մենք արդէն իսկ կը մտածենք ինչպէ՛ս 2025-ը ալ աւելի պայծառ դարձնենք», ըսաւ Անչելոթթի:
Անչելոթթի 2021-էն ի վեր Ռէալ Մատրիտի մարզիչն է: Ան 2013-էն 2015 ալ մարզած է Ռէալ Մատրիտը:
Ան Ռէալի հետ «Լա լիկա»-ն շահած է 2021-2022 եւ 2023-2024 տարեշրջանին, «Քոփա Տել Ռէյ»-ը 2013-2014-ին եւ 2022-2023-ին, Սպանիոյ գերբաժակը 2021-2022 եւ 2023-2024 տարեշրջանին, «Չեմփիընզ լիկ»-ը 2013-2014, 2021-2022 եւ 2023-2024, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակը 2014-ին, 2022-ին եւ 2024-ին, ՖԻՖԱ-ի ակումբներու բաժակը 2014-ին եւ 2022-ին եւ ՖԻՖԱ-ի միջցամաքամասային բաժակը 2024:


