Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ Պալեքեան յառաջիկայ տարեշրջանին ալ պիտի մնայ Խիմնասիա Էսկրիմայի հետ:
Պալեքեան վերջերս խորհրդակցութիւն ունեցած է ակումբի պատասխանատուներուն հետ` ներկայացնելով իր ծրագիրները: Կը նշուի, որ 28 տարեկան մարզիկը կը ցանկայ լաւ նախամրցաշրջանային փուլ անցնիլ եւ ֆիզիքական լաւ մարզավիճակ ունենալ:
Աւելի կանուխ լուրեր տարածուած էին, որ հայ յառաջապահին ընդհանրապէս երկար ժամանակ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով ակումբը կը մտածէր զինք վերադարձնել Պոքա Ժունիորզ, սակայն գլխաւոր մարզիչը լրջօրէն նկատած է Պրիասքոյի տրամադրութիւնը, ուստի որոշած է զայն պահել ակումբին մէջ մինչեւ 2025-ի դեկտեմբերը, ուր կ՛աւարտի իր վարձակալութեան ժամանակը: