Մարզական

2034-ի Մոնտիալ.  Դժգոհութիւնները Կը Շարունակուին…

2034-ի Մոնտիալ. Դժգոհութիւնները Կը Շարունակուին…

Համաշխարհային հանրութիւնը խիստ դժգոհ է, որ ՖԻՖԱ-ն 2034 թուականի աշխարհի ախոյեանութեան (Մոնտիալը) կազմակերպման իրաւունքը տրուած է Սէուտական Արաբիոյ: Այժմ համակիրները նոր դժգոհութեան պատճառ ունին: Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի, 2034-ի Մոնտիալին ոգելից ըմպելիները ամբողջովին արգիլուած պիտի ըլլան: Սահմանափակումը ոչ միայն մարզադաշտերուն մէջ պիտի ըլլայ, այլ նաեւ ճաշարաններուն եւ սրճարաններուն մէջ նոյնիսկ: Ըստ Սէուտական Արաբիոյ օրէնքներուն, 1952-էն ի վեր ոգելից ըմպելիներ պահելը կամ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Մոնաքոյի Մէջ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Մոնաքոյի Մէջ

Ֆրանսայի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանէն յառաջաձգուած մրցումի մը ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմեն 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մոնաքոյի դաշտէն: Մրցումի առաջին կիսախաղին Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմը աւելի վտանգեց եւ կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ Տեզիրէ Տուէի, որ առանձին էր, երբ գնդակը ստացաւ Աշրաֆ Հաքիմիէն: Այս կոլէն 2 վայրկեան առաջ` 22-րդ վայրկեանին իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումմա Մոնաքոյի մարզիկ Սինկոյի հետ բախելէ ետք փոխարինուած էր:...

Ինֆանթինօ. «ՖԻՖԱ-ն Պէտք Է Որոշէ  Լաւագոյն Ֆութպոլիստը»

Ինֆանթինօ. «ՖԻՖԱ-ն Պէտք Է Որոշէ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը»

Միջազգային ֆութպոլի ֆետերասիոնի (ՖԻՖԱ) նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտարարեց, որ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստները պէտք է միայն ՖԻՖԱ-ն որոշէ: «Ասոնք լաւագոյններուն լաւագոյնն են: Եթէ կ՛ուզէք գիտնալ, թէ ո՛վ է պաշտօնապէս աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը, ատիկա պէտք է որոշէ ՖԻՖԱ-ն, որովհետեւ այստեղ կը քուէարկեն բոլորը: Ասիկա թափանցիկ եւ ուսումնասիրուած գործընթաց է»: ՖԻՖԱ-ն 2024-ի աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրած էր Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուսը: Հոկտեմբերին...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

-  ՇԱՏ հաւանական է, որ ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա այս տարեշրջանի աւարտին Իթթիհատ ակումբին հետ իր վերջին մրցումները կատարէ` վերջ տալու իր ասպարէզին: 36 տարեկան Պենզեմա վերջնական որոշում տուած չէ, բայց ան շատ հանգիստ չի զգար եւ կ՛ուզէ վերջ տալ իր ասպարէզին, հակառակ անոր որ Իթթիհատ կ՛ակնկալէ, որ Պենզեմա ակումբին  հետ մնայ մինչեւ 2026: -  ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ այլ խումբերէն Հիլալ,...

ՖԻՖԱ-ի Լաւագոյնը.  Վինիսիուս` 2024-ի Լաւագոյնը

ՖԻՖԱ-ի Լաւագոյնը. Վինիսիուս` 2024-ի Լաւագոյնը

Երեքշաբթի գիշեր Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած «Տը Պեսթ» (Լաւագոյնը) մրցանակի հանդիսութիւնը, որ 2017-էն ի վեր կ՛ընտրէ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստները` նկատի ունենալով անոնց ելոյթները օգոստոս 2023-էն օգոստոս 2024 ժամանակաշրջանին: Համեմատաբար աւելի արդար, քան «Պալոն տ՛օր»-ի մրցանակները. այս մրցանակին կը քուէարկեն մարզիկներ, մարզիչներ, համակիրներ եւ մասնագէտներ: Պրազիլցի Վինիսիուս Ճունիոր, որ Ռէալ Մատրիտի հետ անմրցելի տարեշրջան մը ունեցած էր 2023-2024-ին,...

Հենրիխ Մխիթարեան Կը Խօսի Ինթերի Հետ  Իր Ծրագիրներուն Մասին

Հենրիխ Մխիթարեան Կը Խօսի Ինթերի Հետ Իր Ծրագիրներուն Մասին

Իտալիոյ «Սերի Ա.» 16-րդ հանգրուանին ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք, Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան «Տազն» կայանին հետ ունեցաւ կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ Ինթերի հետ իր ծրագիրներուն մասին: «Կը կարծեմ, որ այս մէկը շատ կարեւոր խաղ էր մեզի համար: Մենք շատ դասեր քաղած էինք Պայեր Լեւերքուզընի («Չեմփիընզ լիկ»-ի) մրցումէն: Վերլուծած էինք տեղի ունեցածը եւ լաւապէս պատրաստ էինք...

«Փրեմիեր Լիկ»-ի Որոշ Ֆութպոլիստներու Փոխանցման Արժէքը Բարձրացած Է

«Փրեմիեր Լիկ»-ի Որոշ Ֆութպոլիստներու Փոխանցման Արժէքը Բարձրացած Է

Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ» կայքին, Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ հանդէս եկող որոշ ֆութպոլիստներու փոխանցման արժէքը բարձրացած է: Ամէնէն շատ աճը ունեցած է Չելսիի միջնապահ Քոլ Փալմըրի փոխանցման արժէքը, որ 40 միլիոնով բարձրացած է: Անոր «գինը» 90 միլիոն եւրօ էր, բայց այժմ 40 միլիոն եւրոյով աւելի բարձրացած է եւ հասած 130 միլիոն եւրոյի: Ստորեւ` փոխանցման արժէքի մեծագոյն աճ արձանագրող մարզիկներուն դասաւորումը. 1.- Քոլ...

Ատեմոլա Լուքման` Ափրիկէի 2024-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ատեմոլա Լուքման` Ափրիկէի 2024-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Աթալանթայի նիկերիացի յառաջապահ Ատեմոլա Լուքման ընտրուեցաւ Ափրիկէի 2024-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը: 27 տարեկան Լուքման իր մրցանակը ստացաւ Մարոքի Մարաքեշ քաղաքին մէջ: Այս տարուան մրցանակին համար կը պայքարէին նաեւ Սիմոն Ատինկրա (Պրայթըն եւ Փղոսկրեայ Ափունք), Սիրհու Կիրասի (Տորթմունտ եւ Կինէ), Աշրաֆ Հաքիմի (Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Մարոք) եւ Ռոնուեն Ուիլիամս (Մամելոտի Սանտաունզ եւ Հարաւային Ափրիկէ): Նշենք, որ այս տարեշրջանին Լուքման Աթալանթա Պերկամոյի...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Եուվենթուս Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Եուվենթուս Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Թորինօ քաղաքի Եուվենթուս ակումբը Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքին գծով 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Քալիարին եւ հասաւ քառորդ աւարտական: Տուշան Վլահովիչ, Թէոն Քոփմէյնըրս, Ֆրանչեսքու Քոնսեսաօ եւ Նիքոլաս Կոնսալես նշանակեցին Եուվէին 4 կոլերը: Եուվենթուս քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Էմփոլիի դէմ, որ անցեալ շաբաթ դուրս ձգած էր Ֆիորենթինան (3-2)` անակնկալ արդիւնքով մը: Քառորդ աւարտական հասած են նաեւ Պոլոնիա, որ 4-0 արդիւնքով դուրս ձգած...

«Էն. Պի. Էյ.»  Եաննիս Եւ Պաքս 3 Կէտնոց Կողովներով Յաղթեցին Թանտըրին

«Էն. Պի. Էյ.» Եաննիս Եւ Պաքս 3 Կէտնոց Կողովներով Յաղթեցին Թանտըրին

Վեկասի պատմութեան մէջ բախտաւոր թիւեր ունին բոլորը... Միլուոքի Պաքսի համար այդ թիւը 3-ն էր, որուն շնորհիւ Միլուոքի Պաքս շահեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմիրէյթց Քափ»-ը: «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուած Եաննիս Անթեթոքումփօ 26 կէտ նշանակեց 19 ռիպաունտի եւ 10 էսիսթի կողքին, եւ Տեմիըն Լիլըրտ 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պաքսը 17 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` պարտութեան մատնելով Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը` 97-81...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ֆիլատելֆիա Յաղթեց Չարլոթի

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆիլատելֆիա Յաղթեց Չարլոթի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի սկիզբէն Ֆիլատելֆիա յոյս ունէր ախոյեանութեան լուրջ թեկնածուներէն մէկը ըլլալ` ձեռք ձգելով Փոլ Ճորճը: Սակայն առաջին իսկ մրցումէն Ժոել Էմպիիտ եւ աւելի ուշ Թայրիս Մեքսի վիրաւորուեցան, մինչ Ճորճ առանձին չկրցաւ լաւ «շաղուիլ» խումբին հետ: Անցեալ շաբաթներուն Ֆիլատելֆիա հազիւ սկսած էր լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել, երկուշաբթի օր Ժոել Էմպիիտ իր քիթը կոտրած է եւ քանի մը շաբաթ...

Ծանրաբարձութիւն.  Հայաստան 4-րդ Դիրքը Գրաւեց Պահրէյնի Մէջ

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստան 4-րդ Դիրքը Գրաւեց Պահրէյնի Մէջ

Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ աւարտած աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչները երկամարտի 1 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալներ շահելով գրաւեցին մետալներու դասաւորման 4-րդ դիրքը: 2024-ի Փարիզի Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, 2 անգամ աշխարհի փոխախոյեան եւ Եւրոպայի գործող ախոյեան Վարազդատ Լալայեան (109 քկ) իր ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Ան երկամարտի 467 քկ կշիռի հաշուով շահեցաւ ոսկի մետալ: 25...

Իտալիոյ «Սերի Ա.».  Ինթեր Միլիան 6 Կոլ Նշանակեց Լացիոյի Դաշտին Վրայ

Իտալիոյ «Սերի Ա.». Ինթեր Միլիան 6 Կոլ Նշանակեց Լացիոյի Դաշտին Վրայ

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 16-րդ հանգրուանին գծով, երկուշաբթի գիշեր անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Ինթեր Միլան 6-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ արձանագրեց 5-րդ դիրքի վրայ գտնուող Լացիօ Ռոմայի դաշտին վրայ: «Ներաձուրիներ»-ը 2024-ին արդէն 47 կոլ նշանակած են «օտար» դաշտերու վրայ` սահմանելով ակումբի նոր մրցանիշ: Յատկանշական է, որ Սիմոնէ Ինցակի Ինթեր Միլանը 5 յաջորդական մրցումներ «օտար» դաշտի վրայ յաղթանակով աւարտեց, վերջին 4-ին առանց կոլ իսկ...

Նոա Ամէնէն Կայուն Խումբը` Վերջին 10 Մրցումներուն

Նոա Ամէնէն Կայուն Խումբը` Վերջին 10 Մրցումներուն

Հեղինակաւոր «Թրանսֆերմարքեթ» կայքը ներկայացուցած է բոլոր երկիրներու ներքին ախոյեանութիւններու վերջին 10 մրցումներուն կայունութեան ցուցանիշը: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի Նոա ակումբը, որ 10 յաջորդական յաղթանակ արձանագրած է եւ կոլերու բարձր էվըրէյճ մը` +37: Նշենք, որ Նոա 40 կէտ ունի եւ կը գրաւէ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի պարագլուխի դիրքը: Ստորեւ` առաջին 10 խումբերու դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Ֆ. Ք. Նոա (Հայաստան) 30 (41-4)...

Միջցամաքային Բաժակ.  Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Փաչուքա

Միջցամաքային Բաժակ. Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Փաչուքա

Այսօր, Տոհայի մէջ ժամը 19:00-ին, «Լուսէյլ» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան ՖԻՖԱ-ի միջցամաքամասային բաժակի աւարտական մրցումը, Եւրոպայի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ հիւսիսային Ամերիկայի ախոյեան Փաչուքայի (Մեքսիքա) միջեւ: Ռէալ Մատրիտի խումբը երկուշաբթի գիշեր 3 ժամ ուշացումով ճամբորդութիւն մը ունեցաւ դէպի Քաթար, եւ հաւանական է, որ ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ վերադառնայ դաշտ, վերջին մրցումին բացակայելէ ետք, երբ «Չեմփիընզ լիկ»-ի Աթալանթայի դէմ...

Մուտրիք Կրնայ Կախակայուիլ

Մուտրիք Կրնայ Կախակայուիլ

Չելսիի եւ Ուքրանիոյ ազգային խումբի միջնապահ Միխայիլ Մուտրիք շատ լուրջ խնդիրներ ունի: Վերջին մրցումներուն ան մաս չէր կազմեր լոնտոնեան ակումբի կազմին, իսկ համակիրներու հետաքրքրութենէն ետք յստակացաւ, թէ հոկտեմբերի վերջին անոր կատարած մէզի քննութեան անոր մօտ յայտնաբերուած են աշխուժացնող դեղի նշաններ: Մինչեւ հիմա նկատի առնուած է Ա. փորձի նմուշը, որ դրական արդիւնք ունէր: Այժմ պիտի բացուի Բ. նմուշը, որուն արդիւնքը եթէ...

Բարեկամական Մրցում.  Լիբանան – Քուէյթ 2-0

Բարեկամական Մրցում. Լիբանան – Քուէյթ 2-0

Լիբանանի ազգային խումբը ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քուէյթը, Քաթարի մէջ: Տոհայի մէջ տեղի ունեցած մրցումը 2-րդ ճակատումն էր երկու խումբերուն քանի մը օրուան մէջ, ուր Քուէյթի ազգային խումբի առաջարկով տեղի ունեցած էին զոյգ մրցումներ, որոնք պատրաստութիւն էին Քուէյթի համար Ծոցի բաժակի մրցաշարքին համար: Ալի Քասսաս եւ Խալիլ Խամիս նշանակեցին Լիբանանի կոլերը: Լիբանան հինգշաբթի օր ալ...

Նիքիթա Սիմոնեան Պարգեւատրուած Է

Նիքիթա Սիմոնեան Պարգեւատրուած Է

Ողիմպիականի ախոյեան Սպարտակ Մոսկուայի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկու Նիքիթա Սիմոնեան Ռուսիոյ հայերու միութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Ժողովուրդի հպարտութիւն» անուանակարգի «Համաձայնութիւն 2024» մրցանակով: Նիքիթա Սիմոնեան անցեալ 12 հոկտեմբերին նշած էր իր 98-րդ տարեդարձը: Ռուսիոյ հայերու միութեան ներկայացուցիչ «Մաչ Թի. Վի.»-ին պատմած է, որ մրցանակի հանդիսաւոր յանձնումի արարողութեան պահուն Սիմոնեանի հասցէին հնչած են բազմաթիւ ջերմ ու բարի խօսքեր: Ան ըսած է նաեւ, որ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եունայթըտ Անակնկալի Բերաւ Սիթին` «Մանչեսթըրի Տերպի»-Ին`.Պարսելոնա Պարտութիւն Մը Կրեց

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եունայթըտ Անակնկալի Բերաւ Սիթին` «Մանչեսթըրի Տերպի»-Ին`.Պարսելոնա Պարտութիւն Մը Կրեց

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանին, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ Կուարտիոլայի հետ իր ամէնէն վատ օրերը կ՛անցընէ, իր «տերպ»-ի մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց «Էթիհատ» դաշտին վրայ, հակառակ անոր որ մինչեւ 87-րդ վայրկեան կը յաղթէր (1-0): Եունայթըտ 87-րդ վայրկեանին շահեցաւ փենալթի մը, զոր կոլի վերածեց Պրունօ Ֆեռնանտեշ: 90-րդ վայրկեանին Լիսանտրօ Մարթինեսի փոխանցումէն օգտուելով Ամատ Տիալլօ առանձին մնալէ ետք պրազիլցի բերդապահ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պոսթըն 21-րդ Մրցումը Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն 21-րդ Մրցումը Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Պոսթըն Սելթիքս տարեշրջանի իր 26-րդ մրցումին արձանագրեց իր 21-րդ յաղթանակը, երբ 112-98 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն` Ուիզըրտծի դէմ մրցումին: Ճէյսըն Թէյթըմ 28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ ախոյեան Սելթիքսի, որուն 7 մարզիկները 10-էն աւելի կէտեր նշանակեցին` ցուցաբերելով խմբային գեղեցիկ խաղարկութիւն մը: Ուաշինկթընէն փայլեցան Ճորտըն Փուլ (21 կէտ) եւ Պիլալ...

Page 151 of 1275 1 … 150 151 152 … 1,275

Արխիւներ