Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եունայթըտ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն. Ինթեր Հասաւ Քառորդ Աւարտական

December 21, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի գիշեր Անգլիոյ Լիկայի բաժակի քառորդ աւարտականի վերջին մրցումին, Թոթենհամ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ հասաւ կիսաւարտական:

Մինչեւ 54-րդ վայրկեան Թոթենհամ 3-0 արդիւնքով յառաջացած էր, բայց Եունայթըտ մանաւանդ Բ. կիսախաղին լաւ ելոյթ մը ունեցաւ եւ երկու կոլ նշանակեց 7 վայրկեաններու ընթացքին` Զերքզիի եւ Տիալոյի միջոցով, սակայն լոնտոնեան կազմը ինք էր, որ նշանակեց յաջորդ կոլը, երբ քորէացի Սոն քոռնըրէն ուղղակիօրէն նշանակեց Եունայթըտի պահեստի թուրք բերդապահ Պայընտըրի բերդին մէջ:

Կիսաւարտականին Թոթենհամ պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը, մինչ Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Նիւքեսըլը, երթի մրցումներուն:

Իտալիոյ բաժակի 1/8-րդ հանգրուանի վերջին մրցումը իրարու դէմ հանեց Ինթեր Միլանն ու Ուտինեզէն:

Ինթեր, որ պահեստի բազմաթիւ մարզիկներով դաշտ ներկայացաւ, 2-0 արդիւնքով յաղթեց եւ հասաւ քառորդ աւարտական:

Առնաութովիչ նշանակեց առաջին կոլը եւ ալպանացի Քրիսթիան Ասլանի քոռնըրէն ուղղակիօրէն նշանակեց Ինթերի 2-րդ կոլը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք քառորդ աւարտականի յայտագիրը.

Եուվենթուս – Էմփոլի
Պոլոնիա – Աթալանթա
Ա. Սէ. Միլան – Ա. Էս. Ռոմա
Լացիօ Ռոմա – Ինթեր Միլան

Սպանիոյ «Լա Լիկա»-ի 18-րդ հանգրուանին գծով այսօր առաջին դիրքը գրաւող Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ կոլերով միայն իր ետին գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտը:

Աթլեթիքոյի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ յայտնեց, որ մէկ մրցում յաղթելը բնաւ բաւարար չէ ախոյեան դառնալու, բայց անշուշտ անպայման յաղթելու համար պիտի խաղայ:

 

Նախորդը

Տարուան Լաւագոյններուն Ընտրութիւնը` 24 Դեկտեմբերին

Յաջորդը

Փեզեշքիանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Թուրք-Իրանեան Յարաբերութիւնները Շրջանային Կայունութեան Հիմքն Են»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար

September 19, 2026
Լիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ
Մարզական

Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

September 19, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Հաւաքականները  Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.