Երկու օր առաջ պարտութիւն մը կրելէ ետք առանց Տոնչիչի եւ Ըրվինկի, Տալաս Մեւրիքս անգամ մը եւս հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, ուր Քայրի Ըրվինկի վերադարձը բաւարար էր, որ Տալաս վերագտնէ իր հաւասարակռշռութիւնը եւ յաղթէ 113-97 արդիւնքով:
Տալասէն ութ մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին` մոռցնելով Լուքա Տոնչիչի բացակայութիւնը:
Հայմզ (20 կէտ), Քլէյ Թոմփսըն (16 կէտ), Տինուիտի (15 կէտ), Քայրի (15 կէտ), Կաֆորտ (13 կէտ), Մարշըլ (12 կէտ), Տերեք Լայվլի (11 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն (10 կէտ) բարձր մակարդակի խաղարկութիւն ունեցան` շշմեցնելով Ճէյմս Հարտընը եւ ընկերները:
Ֆինիքս Սանզ իր յաջորդական երկրորդ պարտութիւնը կրեց այս անգամ Տիթրոյիթ Փիսթընզէն` 133-125 արդիւնքով:
Քեւին Տիւրենթ (43 կէտ) եւ Պրատլի Պիլ (26 կէտ) իրենց կարելին ըրին, բայց բաւարար չէր խմբային խաղարկութիւն կիրարկող Տիթրոյիթի դիմաց:
Քէյր Քանինկհամ 28 կէտ եւ 13 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ աւելի յաջող ելոյթներ կ՛ունենայ վերջերս:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ 126-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դէմ: Տարիըս Կարլենտ (26 կէտ), Էվըն Մոպլի (22 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եւ Տոնավըն Միչել (19 կէտ) Քլիվլենտը առաջնորդեցին 25-րդ յաղթանակին (29 մրցումներու ընթացքին):
Ֆիլատելֆիա առանց Ժոել Էմպիիտի պարտութիւն մը եւս կրեց: Թայրիս Մեքսի 27 կէտ նշանակեց, բայց Փոլ Ճորճ 11 կէտ կրցաւ նշանակել միայն:
Ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս, որ երկու օր առաջ անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր իր դաշտին վրայ Շիքակօ Պուլզէն, կրցաւ Շիքակոյի մէջ յաղթել Պուլզին` 123-98 արդիւնքով:
Ճէյսըն Թէյթըմ 43 կէտ, 16 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարելով թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց: Շիքակոյի լաւագոյն մարզիկն էր Նիքոլա Վուչեւիչը, որ 19 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 108-98
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Միլուոքի Պաքս 124-101
Մայեմի Հիթ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 97-104
ԵՐԷԿ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 99-103
Օրլանտօ Մեճիք – Մայեմի Հիթ 121-114
Աթլանթա Հոքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 112-128
Պրուքլին Նեթց – Եութա Ճեզ 94-105
Շիքակօ Պուլզ – Պոսթըն Սելթիքս 98-123
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 126-99
Միլուոքի Պաքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 112-101
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 103-113
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Նիւ Եորք Նիքս 93-104
Տալաս Մեւրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 113-97
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 114-94
Ֆինիքս Սանզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 125-133


