Հայաստանի ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Լուքաս Զելարայեան շատ հաւանաբար այս շաբաթ լքէ Սէուտական Արաբիոյ Ֆաթեհ ակումբը:
Կը նշուի, որ Զելարայեան աւելի կանուխ կ՛ուզէր հեռանալ Սէուտական Արաբիայէն` վերադառնալով հարազատ Պելկրանօ (Արժանթին): Սակայն արժանթինեան ակումբը բաւական ժամանակէ ի վեր չէր կրնար համաձայնիլ անոր փոխանցումին շուրջ: Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, թէ Զելարայեան Սէուտական Արաբիա պիտի մնայ նոյնիսկ իր պայմանագրութեան աւարտէն ետք ալ:
Հաւանական է, որ Լուքաս, այսօր ներկայացուի իբրեւ Պելկրանոյի մարզիկ: 32 տարեկան հայ մարզիկը 11 մրցումներու ընթացքին 1 կոլ նշանակած է եւ կատարած 2 էսիսթ: