Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, թէ 24 դեկտեմբերին պիտի կայացնէ «մարզական աշխարհի լաւագոյններու ընտրութիւն» հանդիսութիւնը, որուն նպատակն է խրախուսել եւ մեծարել տարուան նուաճումներ կամ նշանակելի յաջողութիւններ ձեռք ձգած մարզիկներ, որոնք իրենց ելոյթներով կ՛օգնեն բարձրացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութիւնն ու պետական խորհրդանիշները եւ ազգային արժէքները:
Յաղթականները պիտի որոշուին նախարարութեան կողմէ հաւատարմագրուած մարզական լրագրողներու քուէարկութեան արդիւնքներուն համադրումով: Լրագրողները պիտի քուէարկեն փակ եւ գաղտնի ձեւով:
Միայն «հանդիսատեսի համակրանք»-ի քուէարկութիւնը պիտի իրականացուի առցանց` «Թելեկրամ» հարթակին մէջ բացուած ալիքի ընդմէջէն:
Այս մրցանակին 15 թեկնածուներ առաջադրուած են` հետեւեալ ձեւով.
Արթուր Ալեքսանեան (ըմբշամարտ), Մալխաս Ամոյեան (ըմբշամարտ), Էլինա Աւանէսեան (թենիս), Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն), Վահագն Դաւթեան (մարմնամարզութիւն), Վարազդատ Լալայեան (ծանրաբարձութիւն), Էլմիրա Կարապետեան (հրաձգութիւն), Վարազդատ Հարոյեան (ֆութպոլ), Արսէն Յարութիւնեան (ըմբշամարտ), Անտրէ-Սփայթ Մկրտչեան (պասքեթպոլ), Օկնյեն Չանչարեւիչ (ֆութպոլ), Գոռ Սահակեան (ծանրաբարձութիւն), Լուքաս Զելարայեան (ֆութպոլ), Էտուարտ Սփերձեան (ֆութպոլ) եւ Կրեթա Վարդանեան (փարածանրամարտ):
Մրցումներու ամէն յաղթական պիտի պարգեւատրուի նիւթական մրցանակով եւ հաւաստագիրով, իսկ «հանդիսատեսի համակրանք»-ի մրցանակը յաղթողը` յուշանուէրով եւ հաւաստագիրով: Իւրաքանչիւր մարզիկ կրնայ միայն մէկ մրցանակի յաղթական դառնալ, հաւասար կէտերու պարագային, նիւթական մրցանակը պիտի բաժնուին հաւասարապէս մարզիկներու միջեւ:
Ստորեւ 9 մրցանակներուն անունները.
1.- Լաւագոյն երեք մարզիկներ:
2.- Լաւագոյն իգական սեռի մարզիկ:
3.- Հաշմանդամութիւն ունեցող լաւագոյն մարզիկ:
4.- Լաւագոյն խումբ (խմբային մարզաձեւեր եւ ճատրակ):
5.- Լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ:
6.- Վերադարձ մարզական աշխարհ/ կամ յայտնութիւն:
7.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը լաւագոյն ձեւով հանրահռչակած մարզիկ:
8.- Լաւագոյն մարզիչ:
9.- Հանդիսատեսի համակրանք:


