Մարզական

Կարճ Տողերով.  Մխիթարեանի Մաղթանքները Եւ Հայ Ֆութպոլիստներու Վերջին Լուրերը

Կարճ Տողերով. Մխիթարեանի Մաղթանքները Եւ Հայ Ֆութպոլիստներու Վերջին Լուրերը

Ինթեր Միլանի եւ Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան կարճ զրոյցի մը ընթացքին նախ Ամանորի իր մաղթանքները ուղղած է ամբողջ հայութեան եւ Հայաստանին, ապա ըսած է. «Իմ հայրենակիցներուս կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ վերածնունդի տարի` մեր հայրենիքին: Յոյս ունիմ, որ այս տարի մենք ականատես կ՛ըլլանք ազատման մեր հայ գերիներուն, որոնք ապօրինի ձեւով կը պահուին «դրացի» երկրի բանտերուն մէջ: Կը մաղթեմ...

ՀՄԸՄ-ի Կրտսերներու Ֆութպոլի Խումբի Սեմինարը` Այնճարի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կրտսերներու Ֆութպոլի Խումբի Սեմինարը` Այնճարի Մէջ

2024-ի վերջին օրերուն, ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու ներկայացուցչական խումբը Այնճարի ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին մէջ Ս. Ծննդեան առիթով յատուկ սեմինար մը ունեցաւ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մարզիկները յատուկ մարզանքներ կատարեցին մարզիչներուն ցուցմունքներով, ապա սննդարար ճաշերով հիւրասիրուեցան ջերմ մթնոլորտի մէջ: 3 օրուան վրայ երկարող սեմինարի վերջին օրը բարեկամական խաղեր ալ կատարեցին տղաքը Այնճարի 16 տարեկանէն վար, 20 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ Ուխուա Մաժտել Այնճարի խումբերուն...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Վալենսիա – Ռէալ Մատրիտ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Վալենսիա – Ռէալ Մատրիտ

Այսօր ժամը 22:00-ին տեղի կ՛ունենայ Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Վալենսիա - Ռէալ Մատրիտ մրցումը: Ճիշդ է, որ ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանը բացուած է, սակայն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան ՌԷալ Մատրիտ, ըստ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի, նպատակ չունի ոեւէ մարզիկ ձեռք ձգելու, հակառակ անոր որ Տանի Քարվախալ եւ Էտեր Միլիթաօ պիտի չկարենան մասնակցիլ յառաջիկայ ամիսներու մրցումներուն: Միայն Տաւիտ Ալապան է, որ այս...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ռոքեթց Պարտութեան Մատնեց Տալասը

«Էն. Պի. Էյ.» Ռոքեթց Պարտութեան Մատնեց Տալասը

Հիւսթըն Ռոքեթց 110-99 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալաս Մեւրիքսը երկու յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք, մինչ Տալաս վերջին 5 մրցումներուն կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը` առանց Լուքա Տոնչիչի: Տալաս պէտք է գտնէ ինքզինք, մանաւանդ որ Տոնչիչ մօտ 1 ամիս հեռու պիտի մնայ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ալփերեն Շենկիւն (23 կէտ) եւ Ճէյլըն Կրին (22 կէտ) Հիւսթընը առաջնորդեցին յաղթանակի: Քայրի Ըրվինկ (ուս), Քլէյ Թոմփսըն (հիւանդ)...

Թենիս.  Ճոքովիչ Յաղթեց, Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Թենիս. Ճոքովիչ Յաղթեց, Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Երէկ շարունակուեցաւ Պրիզպընի (Աւստրալիոյ) թենիսի բաց մրցաշարքը, ուր նախկին թիւ 1 թենիսմեն սերպ Նովաք Ճոքովիչ 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ֆրանսացի Կայէլ Մոնֆիսի դէմ եւ հասաւ քառորդ աւարտական: «Վեթերաններու մրցում»-ին «երիտասարդ» Ճոքովիչ (37 տարեկան) աւելի լաւ խաղցաւ, քան Մոնֆիս (38 տարեկան), եւ այժմ իր դէմ պիտի ունենայ ամերիկացի Ռայլի Օփելքան (27 տարեկան): Օփելքա 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով դուրս...

Ճատրակ.  Պլից Ախոյեանութեան Տիտղոսը Բաժնուեցաւ Երկուքի

Ճատրակ. Պլից Ախոյեանութեան Տիտղոսը Բաժնուեցաւ Երկուքի

Նիւ Եորքի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ վերջ գտաւ ճատրակի Պլից (կայծակնային) աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքը, որուն աւարտականին իրար դէմ մրցեցան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն եւ ռուս Իան Նեփոմնիաշչի: Եօթը ճակատումներուն առաջին երկուքը յաղթեց Քարլսըն, ապա Նեփոմնիաշչի երկու յաջորդական յաղթանակներ արձանագրեց: Մնացեալ երեք ճակատումներն ալ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, նորվեկիացի վարպետին առաջարկով տիտղոսը բաժնուեցաւ երկու ախոյեաններուն միջեւ, պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով: Նշենք, որ 10...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Վերջապէս Յաղթեց.  Լիվըրփուլ 5 Կոլ Նշանակեց Լոնտոնի Մէջ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Վերջապէս Յաղթեց. Լիվըրփուլ 5 Կոլ Նշանակեց Լոնտոնի Մէջ

«Փրեմիեր լիկ»-ի վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի իր վերջին 5 մրցումներուն ձախողելէ ետք վերջապէս յաղթեց ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին, 2-0 արդիւնքով, Լեսթըր Սիթիի դաշտին վրայ: Սավինիօ եւ Հաալանտ նշանակեցին Մանչեսթըր Սիթիի երկու կոլերը, որոնց շնորհիւ խումբը բարձրացաւ 5-րդ դիրք: Սիթի այժմ 14 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլէն, որ Լոնտոնի մէջ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ուեսթ Համը:...

Ֆոնսեքա Հեռացաւ Ա. Սէ. Միլանէն

Ֆոնսեքա Հեռացաւ Ա. Սէ. Միլանէն

Փորթուգալցի մասնագէտ Փաուլօ Ֆոնսեքա յայտարարեց, որ հեռացած է Ա. Սէ. Միլանի իր մարզիչի պաշտօնէն: «Ճիշդ է, որ ես կը հեռանամ Միլանէն, այսպէս է կեանքը: Խիղճս հանգիստ է, քանի որ ըրի այն, ինչ որ կրնայի ընել», ըսաւ Ֆոնսեքա: Նշենք, որ Ֆոնսեքա 2024-ի ամրան միացած էր Միլանի: Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, իտալական ակումբի նոր մարզիչ պիտի ըլլայ այլ փորթուգալցի մը` Սերժիօ Քոնսեսաու, որ...

Ֆիլիփ Լամ Կը Գնահատէ Քոմփանիի Աշխատանքը

Ֆիլիփ Լամ Կը Գնահատէ Քոմփանիի Աշխատանքը

Պայերն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ֆիլիփ Լամ վերջերս խօսած է Պայերնի գլխաւոր մարզիչ Վենսան Քոմփանիի հետ` ակումբին ելոյթներուն մասին: «Անոնք բարելաւած են իրենց խաղարկութիւնը: Քոմփանի յաջողեցաւ պարզութիւն մտցնել խումբին մէջ: Քիմ Մին-Ճայ եւ Ուփամեքանօ կեդրոնի հիմնական պաշտպաններն են, եւ պարբերաբար կը խաղան: Ասիկա իրենց ինքնավստահութիւն պատճառեց, բան մը, որ կը պակսէր անցեալին: Առանց յստակութեան պաշտպանողական ոչ մէկ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պոսթըն Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս երէկ պարտութիւն մը կրեց Ինտիանա Փէյսըրզէն` 123-114 արդիւնքով: Ճէյլըն Պրաուն 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի, սակայն Թայրիս Հալիպըրթըն (31 կէտ) եւ ընկերներ աւելի կազմակերպուած խաղով կրցան Պոսթընի մէջ յաղթանակ ապահովել: Թրէյ Եանկ 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Աթլանթա Հոքսի, որ 136-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը` Քանատայի մէջ: Թրէյ 10 էսիսթ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Ինթեր Յաղթեց, Աթալանթա Հաւասարեցաւ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ինթեր Յաղթեց, Աթալանթա Հաւասարեցաւ

Իտալիոյ ախոյեանութեան «Սերի Ա.»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Ինթեր Միլան 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քալիարիի դաշտէն` ժամանակաւոր ձեւով գրաւելով պարագլուխի դիրքը: Ալեսանտրօ Պասթոնի, Լաութարօ Մարթինես եւ Հաքան Չալհանօղլու նշանակեցին Ինթերի 3 կոլերը: Լաութարօ Մարթինես 3 նոյեմբերէն ի վեր կոլ չէր նշանակած Ինթերի շապիկով: Օր մը մտք, Աթալանթա քիչ մնաց պարտութիւն կրէր Ռոմայի մէջ Լացիոյի դէմ մրցումին, բայց միջնապահ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Մրցանակներ.  Մխիթարեան Եւ Մելիքեան` Տարուան Լաւագոյնները

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Մրցանակներ. Մխիթարեան Եւ Մելիքեան` Տարուան Լաւագոյնները

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ընտրած է 2024-ի Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը եւ մարզիչը: Հաւաքելէ ետք 87 կէտ, 12-րդ անգամ ըլլալով Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը շահած է Իտալիոյ Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Բ. դիրքը գրաւած է Հայաստանի ազգային խումբի եւ Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովան Պրաթիսլաւայի ծայրի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան` 62 կէտ հաւաքելով: 24 կէտ հաւաքելէ ետք Գ. դիրքը գրաւած է Հայաստանի ազգային խումբի...

Ճատրակ.  Քարլսըն. «Ես Կը Մնամ Լաւագոյնը…»

Ճատրակ. Քարլսըն. «Ես Կը Մնամ Լաւագոյնը…»

Նորվեկիացի ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան Մակնուս Քարլսըն յայտարարեց, որ ինք կը մնայ աշխարհի լաւագոյնը եւ ոչ թէ այժմու ախոյեան հնդիկ Կուքէշ Տի.-ն (Տոմարաչու): Քարլսըն 2013-էն 2023 աշխարհի ախոյեանն էր` 4 անգամ պաշտպանելով ախոյեանի իր տիտղոսը, սակայն 2023-ին մերժած էր մրցիլ` տիտղոսը յանձնելով չինացի Տին Լիրենին: Վերջինս այդ տիտղոսին համար յաղթած էր ռուս Իան Նեփոմնիաշչիին: 2024-ի դեկտեմբերին 18 տարեկան Կուքեշ Տի....

«Կլոպ Սաքըր» Մրցանակ.  Վինիսիուս Ճունիոր` Լաւագոյն Մարզիկ

«Կլոպ Սաքըր» Մրցանակ. Վինիսիուս Ճունիոր` Լաւագոյն Մարզիկ

Շաբաթավերջին Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի «Կլոպ Սաքըր» մրցանակի հանդիսութիւնը: Այս հանդիսութեան, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարուան աւարտին, 2010-էն ի վեր, համակիրները առաջին փուլին կ՛ընտրեն տարուան իրենց լաւագոյն մարզիկները, ապա անոնց քուէարկութիւններուն կը միանան լրագրողներու, մարզիչներու, նախկին մարզիկներու, ինչպէս նաեւ մարզիկներու գործավարներու քուէարկութիւնները: 2024-ի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիոր: Աղջկանց լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուեցաւ Այթանա Պոնմաթի, լաւագոյն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պրանսըն 55 Կէտ Նշանակեց Եւ Նիւ Եորք 7-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Տարաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Պրանսըն 55 Կէտ Նշանակեց Եւ Նիւ Եորք 7-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Տարաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Նիւ Եորք Նիքս արձանագրեց իր յաջորդական 7-րդ յաղթանակը` 136-132 արդիւնքով յաղթելով Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի: Նիւ Եորքի աստղն էր Ճէյլըն Պրանսըն, որ 55 կէտ նշանակեց, որոնց 42-ը` մրցումի 2-րդ կիսախաղին եւ երկարաձգման ընթացքին: Այս Պրանսընի 3-րդ մրցումն էր այս տարեշրջանին, ուր ան 50-էն աւելի կէտեր կը նշանակէր ի նպաստ Նիքսի, որ պէտք ունէր իր հերոսութիւններուն...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Չելսի Պարտուեցաւ, Սիթի Չկրցաւ  Յաղթել Լիվըրփուլ Կը Հեռանայ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Չելսի Պարտուեցաւ, Սիթի Չկրցաւ Յաղթել Լիվըրփուլ Կը Հեռանայ

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն տեղի ունեցան «Պոքսինկ տէյ»-ի օրուան մրցումները (Ս. Ծննդեան տօնէն օր մը ետք), ուր ախոյեան Սիթիի ձախող արդիւնքները շարունակուեցան: Դասաւորման Բ. դիրքը գրաւող Լոնտոնի Չելսին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց` 7 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլէն, ուր 3-1 արդիւնքով յաղթեց Լեսթըր Սիթիի: Սիթի կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլ քաղաքի Էվըրթընը եւ Պեռնարտօ Սիլվայի շնորհիւ կոլ մըն...

Ազատ Ոճի Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Ախոյեանները Յստակացան

Ազատ Ոճի Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ախոյեանները Յստակացան

Մարմնակրթութեան կառավարման կեդրոնի ենթակայութեամբ գործող «Միքա» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի 2024-ի ախոյեանութեան աւարտական մրցումները, որոնց աւարտին յստակացան բոլոր ախոյեաններն ու մրցանակակիրները: Վազգէն Թեւանեան Կշիռքներու կարգերով Հայաստանի ախոյեան դարձան Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Արսէն Յարութիւնեան (61 քկ), Վազգէն Թեւանեան (67 քկ), Արման Անդրէասեան (70 քկ), Նարեկ Յարութիւնեան (74 քկ), Հայկ Պապիկեան (79 քկ), Ռազմիկ Եփրեմեան (86 քկ),...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

- ՓԱՐԻԶ Սէն Ժերմենի ծայրի յառաջապահ (Ուինկ) Քոլօ Մուանի, կրնայ իր ասպարէզը շարունակել Արսենալի հետ: Լոնտոնի ակումբը կ՛ուզէ այս ձմեռ ձեռք ձգել Մուանին՛ նկատի առնելով, որ աջ ծայրի յառաջապահ Պուքայ. Սաքու եւ ձախ ծայրի յառաջապահ Րահիմ Սթերլինկ ընդհանրապէս շատ կը վիրաւորուին, եւ Արսենալ կ՛ուզէ լաւորակ փոխարինող մը ունենալ եւ յաճախ դաշտ ներկայացնելով պատրաստ պահել զայն: - ԷՎԸՐԹԸՆԻ եւ Անգլիոյ ազգային...

«Էն. Պի. Էյ. » Շէյ 45 Կէտեր Նշանակեց. Հոքս 50 Կէտ Նշանակեց 4-րդ Մասին

«Էն. Պի. Էյ. » Շէյ 45 Կէտեր Նշանակեց. Հոքս 50 Կէտ Նշանակեց 4-րդ Մասին

Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի փայլուն աստղը` Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր, 45 կէտեր նշանակեց` իր խումբը առաջնորդելով յաղթանակի մը (120-114), Ինտիանա Փէյսըրզի դաշտին վրայ: Թանտըրի յաջորդական 9-րդ յաղթանակը իր 24-րդն էր այս տարեշրջանին` 29 մրցումներու ընթացքին: Ճէյլըն Ուիլիամս (20 կէտ) եւ Այզիա Հարթընսթին (11 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եղան Թանտըրի լաւագոյններէն: Էնտրու Նեմպհարտ (23 կէտ) եւ Փասքալ Սիաքամ (22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եղան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տոնչիչ Վիրաւորուեցաւ Եւ Տալաս Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Վիրաւորուեցաւ Եւ Տալաս Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Թեքսասի մէջ Տալաս Մեւրիքս 105-99 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անցեալ տարեշրջանի Արեւմտեան շրջանի աւարտականի մրցակից Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն: Տոնչիչ երկրորդ մասին կաղալով դուրս եկաւ, իր վերադարձի երկրորդ մրցումին, որուն ընթացքին արդէն նոր ապաքինած էր: Հակառակ ասոր, Տալաս, որ 3-րդ մասին ետ կը մնար 28 կէտով, կրցաւ վերագտնել ինքզինք եւ տարբերութիւնը նուազեցուց 2 կէտի, սակայն...

Page 149 of 1275 1 … 148 149 150 … 1,275

Արխիւներ