Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը 24 դեկտեմբերին կայացուց «Մարզական աշխարհի լաւագոյններու ընտրութիւն» հանդիսութիւնը, որուն քուէարկութեան մասնակցեցան 19 մարզական լրագրողներ: Ըստ նոր դրութեան, այս տարուան քուէարկութեան մասնակցեցան միայն մարզական լրագրողները:
Հայաստանի լաւագոյն երեք մարզիկներ ընտրուեցան Վարազդատ Լալայեան, Արթուր Դաւթեան եւ Արթուր Ալեքսանեան:
Իգական սեռի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան: Հաշմանդամութիւն ունեցող լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Կրեթա Վարդանեան: Լաւագոյն խումբ ընտրուեցաւ Հայաստանի ճատրակի տղոց խումբը:
Լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ ընտրուեցաւ Էմմա Պօղոսեան: «Վերադարձ մարզական աշխարհ»-ի մրցանակը շահեցաւ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը լաւագոյն ձեւով հանրահռչակած մարզիկ ընտրուեցաւ Հենրիխ Մխիթարեան:
Լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ Յակոբ Սերոբեան: Հանդիսատեսի համակրանքի արժանացած մարզիկ ընտրուեցաւ Վարազդատ Լալայեան: