Տենվըր Նակեթցի սերպ աստղ Նիքոլա Եոքիչ, բաւական ուշ մտնելէ ետք մրցումի մթնոլորտին մէջ, կրցաւ տարեշրջանի իր 9-րդ թրիփըլ-տապըլը իրագործել` նշանակելով 27 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ, իր խումբը առաջնորդելով 132-129 արդիւնքով յաղթանակի մը:
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 17 կէտի առաւելութիւն ունէր Տենվըրի վրայ, բայց մրցումի վերջին 7 վայրկեաններուն Տենվըր ինքզինք գտաւ, եւ մանաւանդ Եոքիչ, որ կէտ չէր նշանակած առաջին 21 վայրկեաններուն, առաջնորդեց իր խմբակիցները` արդիւնքը հաւասարեցնելով 119-ի վրայ:
Երկարաձգումին, Եոքիչ առաջին 6 կէտերը նշանակեց եւ փոխանցում մը կատարեց Աարոն Կորտընի, որ արդիւնքը 129-125-ի բարձրացուց:
Տենվըրի մարզիչ Մայք Մալոն յայտնեց, որ անկայուն արդիւնքներէ ետք մարզիկները ակումբին մէջ կարճ դադար մը ունէին լաւապէս ապաքինելու եւ պատրաստուելու յառաջիկայ 5 յաջորդական օրերու 5 մրցումներուն: Այժմ կը տեսնենք, թէ մեր խումբը ինչի կարող է»:
Տենվըրէն շատ լաւ ելոյթներ ունեցան Ճամալ Մարէյ (27 կէտ), Ռասըլ Ուեսթպրուք (21 կէտ) եւ Աարոն Կոլտըն (17 կէտ):
Նիւ Օրլինզի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճորտըն Հոքինզ (25 կէտ), Սի. Ճէյ. Մըքոլըմ (24 կէտ), Իվ Միսսի (21 կէտ) եւ Թրէյ Մըրֆի (21 կէտ), մինչ Տեժոնթէ Մարէյ 17 կէտ եւ 15 էսիսթ կատարեց առանց որեւէ 3 կէտնոց կողով նշանակելու: Անոր 6 փորձերն ալ ձախող էին:
Հիուսթըն Ռոքեթց իր 19-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 114-110 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թորոնթօ Ռեփթըրզին, Քանատայի մէջ:
Տիլըն Պրուքս 27 կէտ նշանակեց, մինչ Ճէյլըն Կրին 22 կէտ աւելցուց ի նպաստ Հիուսթընի: Թորոնթոյի լաւագոյն մարզիկն էր Ճաքոպի Ուոլթըր, որ 27 կէտ նշանակեց:
Ինտիանա Փէյսըրզ այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով 4-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` 122-95 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաքրամենթօ Քինկզի, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Փասքալ Սիաքամ 19 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ինտիանային, որմէ 7 մարզիկներ 11 կէտէ աւելի նշանակեցին գեղեցիկ խմբային խաղէ ետք:
Սաքրամենթոյի ամէնէն շատ կէտերը նշանակեց Տ՛Աարոն Ֆոքս (23 կէտ), մինչ Տոմանթա Սապոնիս 17 կէտ եւ 21 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քինկզի: