«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆերենս լիկ»-ի 6-րդ շաբթուան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Նոան, որ կը մրցէր Սերպիոյ մէջ, շատ լաւ սկսաւ մրցումը Պաչքա Թոփոլայի դէմ եւ 5-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը պրազիլցի Մաթէուս Արիասի շնորհիւ: 10 վայրկեան ետք փորթուգալցի Հելտեր Ֆերէյրա 2-ի բարձրացուց հաշիւը: 37-րդ վայրկեանին միջնապահ Արտակ Տաշեան վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Արտեմ Աւանէսեանի հետ: 41-րդ վայրկեանին սերպ Փեթար Սթանիչ նշանակեց Պաչքայի առաջին կոլը: Բ. կիսախաղին Այաս նշանակեց Նոայի 3-րդ կոլը, եւ Նոա յաջորդ հանգրուան հասնելու յոյսերը աւելցուց, մանաւանդ որ 18 մրցումներուն արդիւնքներն ալ ի նպաստ հայկական խումբին էին:
Սակայն 74-րդ վայրկեանին պոսնիացի Իֆեթ Տիաքովաչի շնորհիւ սերպ ակումբը նշանակեց 3-2-ի կոլը` իր կորսնցուցած փենալթին վերստին կոլի վերածելով:
2 վայրկեան ետք Տիաքովաչ կոլ մը եւս աւելցուց` նշանակելով հաւասարութեան կոլը: 81-րդ վայրկեանին Փանթովիչ նշանակեց սերպերուն 4-րդ կոլը` վերջ դնելով Նոայի յոյսերուն:
Նոայի մարզիչ Ռուի Մոթթա մրցումէն ետք ըսաւ. «Նախ եւ առաջ կը շնորհաւորեմ Թոփոլան յաջորդ հանգրուան հասնելուն համար: Մենք շատ լաւ սկսանք մրցումը… չափազանց լաւ ձեւով: Շատ լաւ առիթներ ստեղծեցինք: Կրցանք կոլեր նշանակել եւ առիթ ունէինք շատ լաւ կոլեր ալ նշանակելու: Եթէ մենք 4-1 արդիւնքով աւարտէինք առաջին կիսախաղը, աւելի արդար կ՛ըլլար: Հակառակ ասոր, Բ. կիսախաղն ալ լաւ սկսանք, եւ 3-1 ըլլալէն ետք Չինարի առիթ ունէր 4-րդ կոլը նշանակելու: Մենք չկրցանք այդ առիթը կոլի վերածել եւ փենալթի մը նուիրեցինք մրցակիցին, որմէ ետք խումբը կը կարծեմ ինքնավստահութիւնը կորսնցուց, եւ մրցակիցը օգտագործեց այդ մէկը եւ յաղթեց»:
Այս ձեւով Նոա 31-րդ դիրքը գրաւեց` 4 կէտեր շահելով, եւ ձախողեցաւ յաջորդ հանգրուան հասնիլ: 1/8-րդ հանգրուան հասան Չելսի (որ իր բոլոր մրցումներն ալ յաղթեց), Վիթորեա, Ֆիորենթինա, Ռափիտ Վիեննա, Լուկանօ, Տիորկարտըն, Լեկիա եւ Սերքըլ Պրիւժ:


