Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի անկայուն վիճակը շարունակուեցաւ: Ան կրեց 9-րդ պարտութիւնը իր կատարած վերջին 12 մրցումներուն, ուր յաջողած է միայն 1 յաղթանակ արձանագրել:
Սիթի այս անգամ Ասթոն Վիլայի դէմ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Ճոն Տիւրան եւ Մորկըն Ռոճըրզ նշանակեցին Վիլայի կոլերը, մինչ Ֆիլ Ֆոտըն 93-րդ վայրկեանին նշանակեց Սիթիի միակ կոլը:
Պէտք է ըսել, որ Սիթի իր վերջին 107 մրցումներուն այսքան պարտութիւն չէր կրած: Հակառակ այս պարտութիւններուն, մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա տակաւին կը վայելէ ակումբին վստահութիւնը:
Յաղթանակի պարագային Լիվըրփուլ կրնայ 12 կէտի առաւելութիւն ունենալ Սիթիի վրայ, որ այժմ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Արսենալ 5-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քրիսթըլ Փելեսի դաշտէն:
24-րդ վայրկեանին Պուքայօ Սաքա վիրաւորուեցաւ, բայց Արսենալ կրցաւ ոչ միայն պահել իր 2-1 արդիւնքի առաւելութիւնը, այլեւ աւելցուց 3 այլ կոլեր ալ: Կապրիէլ Ժեսուս (2), Քայ Հավերց, Կապրիէլ Մարթինելլի եւ Տեքլան Ռայս նշանակեցին Արսենալի 5 կոլերը, մինչ Իսմայիլա Սարր նշանակած էր Փելեսի հաւասարութեան կոլը` 11-րդ վայրկեանին:
Ստորեւ` 17րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Քրիսթըլ Փելես – Արսենալ 1-5
Պրենթֆորտ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ 0-2
Իփսուիչ Թաուն – Նիւքեսըլ 0-4
Ուեսթ Համ – Պրայթըն 1-1
Ասթոն Վիլա – Մանչեսթըր Սիթի 2-1
Դասաւորում | ԿԷՏ |
1.- Լիվըրփուլ | 36 (31-13) |
2.- Չելսի | 34 (37-19) |
3.- Արսենալ | 33 (34-16) |
4.- Նոթինկհամ Ֆորեսթ | 31 (23-19) |
5.- Ասթոն Վիլա | 28 (26-26) |
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 18-րդ հանգրուանի «գագաթի մրցում»-ին, Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Աթլեթիքօ Մատրիտէն, որ զինք գահընկէց ըրաւ պարագլուխի դիրքէն:
Պարսելոնա մանաւանդ առաջին կիսախաղին ամբողջովին տիրապետեց Մատրիտի կազմին վրայ, բայց կը նմանէր «առանց ակռայի առիւծ»-ի, որ չկրցաւ գրաւել Աթլեթիքօ Մատրիտի բերդը: 30-րդ վայրկեանին Կաւիի փոխանցումէն օգտուեցաւ Փետրի, որ նշանակեց Պարսելոնայի կոլը:
Բ. կիսախաղին Աթլեթիքոյի բերդի ձողին կողմէ Ռաֆինիայի հարուածի զօրաւոր զսպուելէն վայրկեաններ ետք, Ռոտրիկօ Տը Փոլ նշանակեց Պարսելոնայի բերդին մէջ (62-րդ վայրկեանին):
96-րդ վայրկեանին պատահեցաւ անսպասելին, երբ արագ հակայարձակումի պահուն գնդակը հասաւ Նահուել Մոլինայի, որ զայն փոխանցեց Ալեքսանտր Սորլոթի:
Սորլոթ ամենայն հանդարտութեամբ գնդակը զետեղեց Պարսելոնայի բերդին մէջ` 3 կէտերը նուիրելով Աթլեթիքոյին, որ 41 կէտով գրաւեց պարագլուխի դիրքը, «գահընկէց» ընելով Պարսելոնան, որ մնաց 38 կէտերով:
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն, Պայերն Միւնիխ իր 15-րդ շաբթուան մրցումին, ուրբաթ գիշեր 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ռետ Պուլ Լայփցիկը:
30 երկվայրկեան եղած էր, երբ Մայքըլ Օլիսէ օգտուելով Ուիլի Օրպանի դէպի ետ փոխանցումէն, անմիջապէս փոխանցեց Մուսխալային, որ նշանակեց Պայերնի առաջին կոլը: Հազիւ վայրկեան մը անցած, Օփենտայի փոխանցումէն օգտուելով Պենիամին Շեշքօ նշանակեց Լայփցիկի հաւասարութեան կոլը: «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երկու մրցակից խումբեր մրցումի առաջին 2 վայրկեաններուն կոլեր կը նշանակէին:
Քոնրատ Լայմետ 25-րդ վայրկեանին նշանակեց իր նախկին խումբին` Լայփցիկի բերդին մէջ, Օլիսէի փոխանցումէն օգտուելով: 36-րդ վայրկեանին, Մուսքալայի փոխանցումէն Եոշուա Քիմիչ նշանակեց գեղեցիկ հարուածով մը` Պայերնի 3-րդ կոլը:
75-րդ վայրկեանին Ալֆոնսօ Տէյվիսի փոխանցումէն ետք, Լիրոյ Սանէ նշանակեց անզսպելի կոլ մը, եւ 3 վայրկեան ետք, այս անգամ Ալֆոնսօ Տէյվիս նշանակեց Քիմիչ փոխանցումէն օգտուելով: Պայերն 2024-ը աւարտեց այս կարեւոր յաղթանակով` իր 4 կէտի առաւելութիւնը պահելով անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզընի վրայ, որ նոյն արդիւնքով (5-1) յաղթեց Ֆրայպուրկին: Ֆլորիան Վիրց կորսնցնելէ ետք փենալթի մը, Փաթրիք Շիք իր վրայ առաւ կոլ նշանակելու գործը: Շիք նշանակեց 4 կոլեր, որոնց 3-ը` օգտուելով Վիրցի փոխանցումներէն, մինչ Վիրց նշանակեց կոլ մը (իր խումբի 2-րդը):
Ստորեւ` 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Պայեր Լեւերքուզըն – Ֆրայպուրկ 5-1
Շթութկարթ – Զանքթ Փաուլի 0-1
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ Մայնց 1-3
Հոֆենհայմ – Մէօնշընկլատպախ 1-2
Վերտըր Պրեմըն – Ունիոն Պերլին 4-1
Հոլշթայն Քիլ – Աուկզպուրկ 5-1
Պայերն Միւնիխ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ 5-1
Դասաւորում | ԿԷՏ |
1.- Պայերն Միւնիխ | 36 (47-13) |
2.- Պայեր Լեւերքուզըն | 32 (37-21) |
3.- Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ | 27 (35-23) |
4.- Լայփցիկ | 27 (24-20) |
5.- Մայնց | 25 (28-20) |