Քարիմ Ապտուլ Ժապպար 1989-ին լքեց պասքեթպոլի իր ասպարէզը «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ խաղալով 57,446 վայրկեան, որ օրին մրցանիշ էր: Այդ մրցանիշը մնաց մինչեւ երէկ, երբ Լըպրոն Ճէյմս հասաւ 57,447 վայրկեան Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ մրցումին:
Լէյքըրզ 113-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթոն, ուր առաւելագոյն կէտերը նշանակեցին Օսթըն Ռիվզ (25 կէտ), Անթոնի Տէյվիս (21 կէտ եւ 19 ռիպաունտ), Լըպրոն Ճէյմս (19 կէտ) եւ Տ՛Անճելօ Ռասըլ (16 կէտ): Սաքրամենթոյի լաւագոյն մարզիկն էր Տ՛Արոն Ֆոքս (26 կէտ), մինչ Տոմանթաս Սապոնիս 18 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Քարլ Անթոնի Թաունզ վերադարձաւ Մինեսոթա, բայց այս անգամ Նիւ Եորք Նիքսի տարազով, ուր իր նախկին ակումբի համակիրները զինք շատ լաւ ձեւով ընդունեցին: Թաունզ ուրախ մնաց, բայց ուրախ չձգեց իր նախկին խումբը, երբ 32 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք ձգելով իր նոր խումբը առաջնորդեց յաղթանակի` 133-107 արդիւնքով:
Նիւ Եորքի 17-րդ յաղթանակն էր այս` 27 մրցումներու ընթացքին, մինչ Թիմպըրվուլվզ իր 12-րդ պարտութիւնը կրեց 26 մրցումներու ընթացքին:
Քեւըն Տիւրենթ 37 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆինիքս Սանզի, որ սակայն պարտութիւն մը կրեց Ինտիանա Փէյսըրզին 120-111 արդիւնքով: Փասքալ Սիաքամ 25 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ինտիանայի:
Տալաս Մեւրիքս առանց իր աստղերուն` Լուքա Տոնչիչի եւ Քայրի Ըրվինկի, 95-118 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն: Նորմըն Փաուլ 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիփըրզի, մինչ Սփենսըր Տինուիտի 19 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Չարլոթ Հորնեթց 123-114
Օրլանտօ Մեճիք – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 99-105
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Եութա Ճեզ 119-126
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պրուքլին Նեթց 94-101
Պոսթըն Սելթիքս – Շիքակօ Պուլզ 108-117
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Աթլանթա Հոքս 133-126
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 144-93
Հիուսթըն Ռոքեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 133-113
Տալաս Մեւրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 95-118
Ֆինիքս Սանզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 111-120
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Նիւ Եորք Նիքս 107-133
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 100-113
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տենվըր Նակեթց 126-124


