Այսօր ժամը 22:00-ին տեղի կ՛ունենայ Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Վալենսիա – Ռէալ Մատրիտ մրցումը:
Ճիշդ է, որ ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանը բացուած է, սակայն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան ՌԷալ Մատրիտ, ըստ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի, նպատակ չունի ոեւէ մարզիկ ձեռք ձգելու, հակառակ անոր որ Տանի Քարվախալ եւ Էտեր Միլիթաօ պիտի չկարենան մասնակցիլ յառաջիկայ ամիսներու մրցումներուն: Միայն Տաւիտ Ալապան է, որ այս ամիս պիտի վերադառնայ կանաչ դաշտեր:
40 կէտ ունեցող Ռէալ Մատրիտ յաղթանակի պարագային կրնայ գրաւել «Լա լիկա»-ի պարագլուխի դիրքը` 2 կէտով գերազանցելով Աթլեթիքօ Մատրիտը (41 կէտ): Աթլեթիքօ մինչեւ 12 յունուար «Լա լիկա»-ի մրցում չունի կատարելիք:
Վալենսիա 12 կէտով կը գրաւէ 19-րդ ու նախավերջին դիրքը եւ անպայման պիտի փորձէ յաղթել` յոյսով, որ ազատի վտանգաւոր գօտիէն:
Ֆրանսայի մէջ այսօր կը սկսի «Լիկ 1»-ի 16-րդ հանգրուանը, ուր Նիս պիտի հիւրընկալէ Ռեննը: Նիս 24 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը, մինչ Ռենն 17 կէտ ունի եւ կը գրաւէ դասաւորման 12-րդ դիրքը:
Ստորեւ` 11-րդ հանգրուանի մրցումները: Պէտք է նշել, որ 18 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Մոնաքօ – Փարիզ Սեն Ժերմեն (2-4) մրցումը այս հանգրուանին մաս կը կազմէր:
ԱՅՍՕՐ
Նիս – Ռենն
ՎԱՂԸ
Սենթ Էթիեն – Ռենս
Լիլ – Նանթ
Լիոն – Մոնփելիէ
ԿԻՐԱԿԻ
Լանս – Թուլուզ
Անժէ – Պրեսթ
Սթրազպուրկ – Օքսեռ
Մարսէյ – Լը Հաւր
Նշենք, որ այսօր Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ գերբաժակի կիսաւարտականի գծով Եուվենթուս – Ա. Սէ. Միլան մրցումը:
Ա. Սէ. Միլան 28 մայիս 2023-էն ի վեր չէ կրցած յաղթել Եուվենթուսին, եւ այսօր իր նոր մարզիչին հետ պիտի փորձէ յաղթանակ նուիրել իր համակիրներուն: