Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ. » Շէյ 45 Կէտեր Նշանակեց. Հոքս 50 Կէտ Նշանակեց 4-րդ Մասին

Դեկտեմբեր 28, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի փայլուն աստղը` Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր, 45 կէտեր նշանակեց` իր խումբը առաջնորդելով յաղթանակի մը (120-114), Ինտիանա Փէյսըրզի դաշտին վրայ: Թանտըրի յաջորդական 9-րդ յաղթանակը իր 24-րդն էր այս տարեշրջանին` 29 մրցումներու ընթացքին: Ճէյլըն Ուիլիամս (20 կէտ) եւ Այզիա Հարթընսթին (11 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եղան Թանտըրի լաւագոյններէն: Էնտրու Նեմպհարտ (23 կէտ) եւ Փասքալ Սիաքամ (22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եղան Ինտիանայի լաւագոյն մարզիկները: Վերջինս 5 յաջորդական յաղթանակներէ ետք կրեց իր առաջին պարտութիւնը:

Աթլանթա Հոքս, իր դաշտին վրայ 21 կէտով ետ կը մնար Շիքակօ Պուլզէն, մրցումի 4-րդ եւ վերջին մասին 50 կէտ նշանակեց` յաղթանակ արձանագրելով Պուլզի վրայ, 141-133 արդիւնքով:

Աթլանթա 124-107 արդիւնքով ետ կը մնար մրցումի աւարտէն 6:23 վայրկեան առաջ եւ 23-2 արդիւնքով յաջորդական կէտեր նշանակեց` առաջին անգամ ըլլալով (առաջին մասէն ետք) անցնելով Պուլզին: Ճէյլըն Ճոնսըն 30 կէտ նշանակեց` արձանագրելով 15 ռիպաունտ ալ, եւ Թրէյ Եանկ աւելցուց 27 կէտ` իր ասպարէզի հաշիւը բարձրացնելով 11 հազար կէտերու: Եանկ 13 էսիսթ ալ ձեռք ձգեց:

Զաք Լըվին 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պուլզի, մինչ Ճեւըն Քարթըր աւելցուց 26 կէտ, բայց Պուլզ յաջորդական 3-րդ պարտութիւնը կրեց:

Մեմֆիս Կրիզլիզ իր դաշտին վրայ մրցանիշ արձանագրեց` 155 կէտ նշանակելով Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ մրցումին (155-126):

Ճերըն Ճեքսըն (21 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 3 պլոք), Զաք Էտի (21 կէտ եւ 16 ռիպաունտ), Տեզմընտ Պէյն (19 կէտ), Ճէյլըն Ուիլզ (17 կէտ) եւ Ճա Մըրենթ (15 կէտ եւ 9 էսիսթ) եղան Մեմֆիսի հերոսները, որոնք խումբին պատմութեան առաւելագոյն կէտերը նշանակեցին: Այս յաղթանակը Մեմֆիսի 3-րդն էր 4 մրցումներու ընթացքին, մինչ Թորոնթօ իր 9-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց, իսկ դաշտէն դուրս 15 մրցումներէն 14-րդը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Եութա Ճեզ 122-120
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 113-114
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 155-126
Միլուոքի Պաքս – Պրուքլին Նեթց 105-111
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 111-128
Աթլանթա Հոքս – Շիքակօ Պուլզ 141-133
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 114-120
Օրլանտօ Մեճիք – Մայեմի Հիթ 88-89
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Չարլոթ Հորնեթց 113-110

 

Նախորդը

Համագործակցութեան Յուշագիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին Եւ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հիմնարար Գիտական Գրադարանին Միջեւ

Յաջորդը

Մարզական Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Քարաթէ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?